Վտանգաւոր Նախադէպ Մը. Իսրայէլեան Օդուժը Ռիֆ Տիմաշքի Մէջ Թիրախ Կը Դարձնէ Զինուորական Գիտական Ուսումնասիրութեանց Կեդրոն Մը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով արեւմուտքցի դիւանագէտ մը եւ շրջանային անվտանգութեան երեք անանուն աղբիւրներ, հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթի գիշեր հարուածած է Սուրիա-Լիբանան սահմանը` առանց տեղն ու թիրախը նշելու:

Ըստ «Ռաշա Թուտէյ»-ի, թիրախը եղած է զէնք տեղափոխող շարասիւն մը:

Մինչ սուրիայէն գործիչներ յայտնած են, որ հարուածը եղած է հարաւի մէջ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հարուածի վայրին մասին հակասական տեղեկութիւններ փոխանցեցին: Մինչ «Մաարիւ» կը նշէ, թէ յարձակումին վայրը Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային մէջ է, աւելի ճիշդ` Պեքքայի Ռայաք շրջանն է, «Հաարեց» նշեց, որ յարձակումը տեղի ունեցած է բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքին մօտ գտնուող Ժապալ Շէյխ շրջանին մէջ:

Լիբանանեան ազգային լրատու գործակալութիւնը, սակայն, նշեց, որ Սուրիա-Լիբանան սահմանին վրայ իսրայէլեան յարձակումի մը մասին լուրը անճիշդ է, իսկ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն արգիլած է դէպքին շուրջ որեւէ տեղեկութիւն հրապարակել:

«Հաարեց» օրաթերթի կայքէջը հաղորդեց, որ լուրին հրապարակումէն ետք, իսրայէլացիներուն կողմէ կազերէ պաշտպանութեան դիմակներու ապահովումը նկատառելի աճ արձանագրած է: Քիրիաթ Շմոնայի քաղաքապետը յայտնեց, որ լարուած մթնոլորտին պատճառով սկսած են ապաստանարանները քննել:

Աւելի ուշ, Փենթակոնը յայտարարեց, որ իսրայէլեան օդուժը Սուրիոյ մէջ թիրախ մը հարուածած է: Երէկ երեկոյեան սուրիական բանակը հաստատեց, որ իսրայէլեան օդուժը հարուածած է Ռիֆ Տիմաշքի մէջ գտնուող զինուորական գիտական ուսումնասիրութեանց կեդրոն մը:

 

Share this Article
CATEGORIES