«Սուրիոյ Կացութեան Մէջ Արտաքին Ուժերուն Երկակի Խաղը Շատ Վտանգաւոր Է» Ըսաւ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով

«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, որ «Սուրիոյ ներկայ կացութեան մէջ արտաքին ուժերու երկակի խաղը շատ վտանգաւոր է»` աւելցնելով, որ «այդ խաղը միայն տագնապի ռազմականացման շարունակման, ատոր սրման, արմատական հոսանքներու, ահաբեկչութեան ու յարանուանական հողի վրայ բռնարարքներու աճի կ՛առաջնորդէ: Արիւնալի քաոսը խաղաղ լուծման այլընտրանքն է եւ քանի երկարի, ատոր շրջանակը կ՛ընդլայնի եւ բոլորին համար աւելի վատ կ՛ըլլայ»:

Ան ըսաւ, որ Ռուսիա իր կարելին կ՛ընէ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ տագնապին կողմերը նստեցնելու բանակցութեան սեղան, որուն շուրջ սուրիացիները իրենք պիտի ճշդեն իրենց երկրին ապագայ քաղաքական վարչակարգը:

Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպ յայտարարեց, որ համաձայն է սուրիական վարչակարգի ներկայացուցիչներուն հետ Պոլսոյ, Գահիրէի կամ Թունուզի մէջ ուղղակի հանդիպում ունենալու` արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանը պատրաստելու: Ազգային համաձայնական մարմինը անմիջապէս յայտարարեց, որ Խաթիպի յայտարարութիւնը մարմինին պաշտօնական կեցուածքը չի ներկայացներ, այլ անձնական կեցուածք մըն է:

Միւս կողմէ, երէկ Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ նուիրատու երկիրներու ժողովը` մասնակցութեամբ 59 պետութիւններու, մարդասիրական 20 կազմակերպութիւններու եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին` Սուրիոյ դրացի երկիրներուն մէջ ապաստանած շուրջ հինգ միլիոն սուրիացիներուն համար 1.5 միլիառ տոլար ապահովելու համար: Քի Մուն յայտարարեց, որ ժողովը յաջողեցաւ աւելի քան 1.5 միլիառ տոլարի խոստումներ ստանալ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Սուրիոյ տագնապը վերջ կը գտնէ այն ժամանակ միայն, երբ քաղաքական լուծում մը կը գտնենք»` շեշտելով, որ «մարդասիրական օժանդակութիւնները սուրիական տագնապը լուծելու համար բաւարար չեն, եւ մենք անմիջական քաղաքական լուծումի մը կարիքը ունինք»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ նշեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը պէտք է սպանութիւնն ու բռնարարքները դադրեցնէ, որովհետեւ արիւնահեղութեան պատասխանատուն ինքն է»:

Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ սուրիական փոխանցման կառավարութեան հետ պիտի գործակցին, ճիշդ ինչպէս Ազգային համաձայնական մարմինին հետ կը գործակցին:

Ֆորտ ըսաւ, որ Ասատ «գետնի վրայ իր հակակշիռը աստիճանաբար կը կորսնցնէ» եւ ան պիտի շարունակէ իր այն համոզումին վրայ մնալ, թէ կը յաղթէ, «մինչեւ որ Սուրիական ազատ բանակը իր պալատին դրան հասնի»:

Դեսպանը այն համոզումը յայտնեց, որ զինուորական լուծումը ի վերջոյ ի նպաստ ընդդիմութեան պիտի աւարտի սուղ գինով, սակայն կարելի չէ կռահել, թէ որքան ատենէն, թէեւ ամերիկեան կողմը կը նախընտրէ, որ լուծումը քաղաքական ըլլայ:

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Ապահովութեան խորհուրդին նիստի ընթացքին յայտարարեց, որ «Ասատ տակաւին իշխանութեան կառչած է» եւ «Սուրիա մեր աչքերուն դիմաց կը քայքայուի»: Ան նշեց, որ «Ժընեւի փաստաթուղթը չի կրնար իրագործուիլ, եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է գործէ»: Ըստ անոր, Ժընեւի հաղորդագրութեան վրայ նոր տարրեր պէտք է աւելցնել:

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վիթալի Չուրքին յայտնեց, որ Իպրահիմի Ապահովութեան խորհուրդէն խնդրած է Ժընեւի համաձայնագիրը յստակացնել, որովհետեւ ատիկա բաւարար չէ ատոր հիմքով բանակցութիւններ սկսելու համար: «Ան նկատի ունի ճշդել որոշ չափանիշեր եւ այն գործողութիւնները, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ երկխօսութեան սկսիլ», ըսաւ Չուրքին` աւելցնելով, որ Ռուսիա Իպրահիմիի նոր առաջարկները պիտի ուսումնասիրէ:

Ըստ անոր, թէ՛ ընդդիմութիւնը, թէ՛ Սուրիոյ կառավարութիւնը կը շարունակեն ուժային մեթոտներ օգտագործել` ճգնաժամէն դուրս գալու համար, սակայն համամիտ են երկխօսութեան սկսելու փորձին:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Անտիոքի մէջ բախումներ տեղի ունեցած են թրքական ապահովական ուժերու եւ չորս անձերու միջեւ, որոնք փորձած են սուրիացի ընդդիմադիր մը առեւանգել: Թրքական ապահովական ուժերը ի վերջոյ ապօրինի կերպով Թուրքիա մուտք գործած զինեալները ձերբակալած է: Անոնցմէ երկուքը վիրաւորուած են, իսկ ընդդիմադիր սուրիացին անվնաս ազատ արձակուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )