Ուիամ Ուահապ Այցելեց Սելիմ Հըսի
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Ուահապ յայտնեց, որ եթէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընտրական յստակ օրինագիծ մը չունի, ապա երեսփոխանական ընտրութիւնները անպայման պիտի յետաձգուին մինչեւ ամրան վերջը: Ան նշեց, որ ընտրութիւնները ուղղակիօրէն կապուած են շրջանի բոլոր տագնապներուն եւ ոչ միայն Լիբանանին:
Ուահապ նշեց նաեւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանը մէկ վայրկեանով իսկ պիտի չերկարաձգուի` աւելցնելով, որ շրջանային ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանան պիտի չվերադառնայ:
CATEGORIES Լիբանանեան

