Մըր-Ապատի Հանդիպում

Երեսփոխան Միշել Մըր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Մըր յայտնեց, որ ինք Հիւսիսային Մեթնի մէջ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ յարաբերութիւններ ունի եւ կրնայ բոլորին հետ գործակցիլ` աւելցնելով, որ ընտրական ոչ մէկ դաշինք կամ կողմնորոշում կրնայ յայտարարել, նախքան ընտրական օրէնքին վերջնականացումը:

Մըր շեշտեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանել, հակառակ Սուրիոյ տագնապին եւ հետզհետէ անոր սրելու ընթացքին:

Իր կարգին, Ապատի յայտնեց, որ Իրան կը զօրակցի Լիբանանի կայունութեան` շեշտելով, որ պէտք է լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները ամրապնդել:

Ապատի ընդգծեց, որ Թեհրան ճիգ չի խնայեր Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու նպատակով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )