Զօր. Քահուաժի Մեկնեցաւ Ֆրանսա

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ֆրանսա` ընդառաջելով ֆրանսական բանակի սպայակոյտի պետ ծովակալ Էտուար Կիյոյի հրաւէրին:

Փարիզի մէջ զօր. Քահուաժի հանդիպումներ պիտի ունենայ ֆրանսացի բարձրաստիճան զինուորականներու հետ` քննարկելու համար երկու երկիրներուն բանակներուն միջեւ զինուորական յարաբերութիւնները աշխուժացնելու հեռանկարները:

Share this Article
CATEGORIES