Վ. Սապունճեան Աֆրամի Հետ Քննարկեց Տնտեսական Երկխօսութեան Մանրամասնութիւնները Եւ Ընդունեց Ռուսիոյ Դեսպանը

Նախարար Սապունճեան` ճարտարարուեստի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ

Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի հետ, որուն հետ քննարկեց այսօր վարչապետարանին մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական երկխօսութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախարար Սապունճեանի եւ ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն միջեւ աշխատանքի համադրումը բացառիկ էր` առաջնահերթութիւնները ճշդելու եւ ներքին թէ արտաքին իմաստով լիբանանեան ճարտարարուեստը բարելաւելու առումով:

Նախարար Սապունճեան դրուատեց ճարտարարուեստի մարզի լիբանանցի սեփականատէրերուն ազգային գիտակցութիւնն ու պատասխանատուութիւնը եւ շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսական բարգաւաճումը հետզհետէ աւելի ակնյայտ պիտի դառնայ:

Իր կարգին, Աֆրամ բարձր գնահատեց միութեան եւ նախարար Սապունճեանի միջեւ սերտ գործակցութիւնը` մաղթելով, որ իսկական գործակցութեան այս մթնոլորտը կ՛ընդհանրանայ եւ իր մէջ կը ներառէ պետական եւ սեփական մարզերու բոլոր տարրերը:

Հանդիպում Զասպիքինի Հետ

Սապունճեան, Սերկէյ, Զասպիքին եւ Սարրաֆ

Միւս կողմէ, Վ. Սապունճեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինի եւ Ռուսիա-Լիբանան գործարարներու միութեան նախագահ Իվան Սերկէյի ու Ժաք Սարրաֆի հետ:

Պատուիրակութիւնը նախարար Սապունճեանի յանձնեց հրաւէր մը` մասնակցելու յառաջիկայ մայիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական-ճարտարարուեստական ցուցահանդէսին:

Նախարար Սապունճեան դրուատեց պատուիրակութեան այցելութիւնը, յատկապէս այն առումով, որ ան կը նպատակադրէ Լիբանան-Ռուսիա տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդել:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ Լիբանան Մոսկուայէն մեծ ակնկալութիւններ ունի` նկատի ունենալով Ռուսիոյ տնտեսական կարողութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES