Ժեմայէլ Հոլլանտի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Լիբանան Անցողակի Հարց Չէ Ֆրանսական Օրակարգին Վրայ»
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ ըսաւ, որ հանդիպման ընթացքին յաւելեալ կերպով համոզուած է, որ Լիբանանը անցողակի հարց չէ ֆրանսական օրակարգին վրայ:
Ան նկատել տուաւ, որ ֆրանսական վարչակազմը կ՛աշխատի ի նպաստ Լիբանանին եւ բոլոր լիբանանցիներուն` անկախ անոնց կրօնական եւ քաղաքական պատկանելիութենէն` յստակացնելով, որ «Հոլլանտ ինծի խոստացաւ իր ճիգերը շարունակել օգնելու համար Լիբանանին բոլոր մակարդակներուն վրայ, մանաւանդ դրացի երկիրներու իրադարձութիւններուն եւ սուրիական տագնապի հետեւանքներէն երկիրը ամրապնդելու առումով:
CATEGORIES Լիբանանեան

