Միացեալ Յանձնախումբերը Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբին Աշխատանքը 15 Օրով Երկարաձգեցին

Միացեալ յանձնախումբերու նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստին, որուն ընթացքին ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ ներկայացուց այդ ենթայանձնախումբին աշխատանքներուն տեղեկագիրը:

Նիստէն բացակայեցան Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխանները, իսկ այլ պլոքներու երեսփոխաններուն կողքին, կառավարութիւնը ներկայացուցին միայն երկու նախարարներ` ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել եւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի:

Նիստին ընթացքին Պըրրի հաստատեց, որ ընտրական որեւէ օրէնքի պարագային անհրաժեշտ է պահպանել ազգային միասնականութիւնը, արդարութիւնն ու համագործակցութիւնը:

Նիստէն ետք երեսփոխան Ղանեմ յայտնեց, որ միացեալ յանձնախումբերուն որոշումով`  ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբին աշխատանքները 15 օրով երկարաձգուեցան:

Ղանեմ յայտնեց նաեւ, որ Պըրրի արդէն իսկ որոշած է միացեալ յանձնախումբերը բաց եւ իրերայաջորդ նիստերու (կէսօրէ առաջ եւ կէսօրէ ետք) հրաւիրել` յառաջիկայ 18 փետրուարէն սկսեալ:

Նիստէն ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբին աշխատանքը երկարաձգելու նպատակն է առիթ տալ, որպէսզի բոլորը գոհացնող ընտրական օրէնք մը մշակուի:

Աուն նշեց, որ Լիբանանեան ուժերուն եւ իրենց միջեւ գործակցութեան նպատակն է յանգիլ ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին մշակել ընտրական օրէնք մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան կողքին, քաղաքական բոլոր ուժերուն քաղաքական հաւասարակշռութիւն կ՛ապահովէ:

Նշենք, որ Ատուան ներկայացուցած էր այս առաջարկը, պայմանաւ որ ենթայանձնախումբը քննարկէ միայն խառն ընտրական օրինագիծը, որ կը պարփակէ համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւնները:

ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն: Ընդգծուեցաւ ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան պահպանման կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES