Վարչապետ Միքաթի Միօրեայ Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Թուրքիա
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ ուղղուեցաւ Թուրքիա:
Վարչապետ Միքաթիի ընկերակցեցան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:
Վարչապետ Միքաթի եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցան Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, արտաքին գործոց փոխնախարար Էօմիւր Օրհուն եւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ:
Հանդիպումէն ետք Կիւլ շնորհաւորեց վարչապետ Միքաթին` Սուրիոյ հարցով Լիբանանի որդեգրած չէզոք քաղաքականութեան համար` նշելով, որ այդ քաղաքականութեան շնորհիւ Լիբանան կրցած է պահպանել իր ապահովական կայունութիւնը:
Կիւլ նշեց, որ Թուրքիա լաւ գիտէ, որ Լիբանան դժուար կացութիւն կը դիմագրաւէ, սակայն համբերութեամբ եւ քաջութեամբ կը փորձէ շրջանցել այդ հանգրուանը:
Թուրքիոյ նախագահը շեշտեց, որ տակաւին յստակ չէ, թէ Սուրիոյ տագնապը ե՛րբ պիտի աւարտի, «սակայն կը փափաքինք այդ մէկը, ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ ընտրութիւնները տեղի ունենան», աւելցուց ան:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Սուրիայէն Լիբանան հասած գաղթականներուն ստեղծած իրականութիւնը ճնշումի տակ դրած է Լիբանանը, որ օժանդակութեան կարիք ունի: Ան աւելցուց, որ Լիբանան իր կարգին մտահոգ է Սուրիոյ տագնապով եւ կը փափաքի, որ այդ տագնապը վերջ գտնէ:
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Կիւլի հետ լիբանանեան պատուիրակութեան քննարկումներուն մէջ հիմնական տեղ գրաւեց Ազեզի մէջ գտնուող լիբանանցի առեւանգեալներուն թղթածրարը:
Վարչապետ Միքաթի այցելեց նաեւ իր թուրք պաշտօնակիցին` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի:
Վարչապետներ Միքաթի եւ Էրտողան ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ աւելի ընդարձակ հանդիպում մը` լիբանանեան եւ թրքական պատուիրակութիւններուն ներկայութեան:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Էրտողանէն խնդրած է Սուրիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիները առեւանգող կողմերուն վրայ ճնշում բանեցնել, վերջնականապէս լուծելու համար այդ հարցը:
Միքաթի շեշտեց, որ կայ այն տպաւորութիւնը թէ Թուրքիա կրնայ նպաստել այս հարցին լուծման:
«Հանդիպումին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ողջունեցինք Թուրքիոյ կողմէ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին նկատմամբ ցուցաբերուած հասկացողութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ համաձայնութիւն գոյացած է երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու եւ յարաբերութիւնները սերտ պահելու առումով:
Իր կարգին, Էրտողան հաստատեց, որ Թուրքիա կը զօրակցի Լիբանանին` աւելցնելով, որ Սուրիա տարիներ շարունակ անիրաւած է Լիբանանը եւ տանջած զայն` նկատել տալով, որ օրին Թուրքիա միջամտած է վերջ տալու համար Լիբանանի դէմ բանեցուած սուրիական ճնշումներուն եւ Լիբանանէն սուրիական ուժերուն հեռացման: «Այս հանգրուանին շրջանը լուրջ կացութիւն կը դիմագրաւէ եւ լիբանանցի ժողովուրդը կարիքը ունի պահպանելու իր քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու համերաշխութիւնը», ըսաւ Էրտողան:
Թուրքիոյ վարչապետը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութեան հաստատումը կարեւոր են, եւ Թուրքիա կը զօրակցի անոնց, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ հողային ամբողջականութեան:
Ան մաղթեց, որ Լիբանան իր ներքին քաղաքական տագնապը շրջանցէ երկխօսութեամբ:
Ան նշեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ ցամաքային եւ ծովային փոխադրութեան առումով Լիբանանի օժանդակելու Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը:
Էրտողան ուրախութիւն յայտնեց նաեւ, որ Թուրքիոյ եւ Լիբանանի միջեւ առեւտրական աճ արձանագրուած է` առեւտուրին գումարը 219 միլիոն տոլարէն մէկ միլիառ տոլարի հասցնելով: «Հակառակ շրջանին դիմագրաւած դժուար հանգրուանին, այդ աճը կարելի եղած է արձանագրել շնորհիւ երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւններուն», ըսաւ ան:
Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա լուրջ հարց ունի նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետ, եւ անդրադառնալով Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն նշեց, որ Անգարա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ օժանդակելու համար Լիբանանին եւ ազատ արձակելու զանոնք:
Վարչապետարանին Մէջ
Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որ յայտնեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած է Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը` ողջունելով Քուէյթի խորհրդաժողովը եւ Լիբանանի ցուցաբերած սրտբաց հիւրընկալումն ու մարդասիրական օժանդակութիւններու տրամադրումը:
Ֆլեչըր յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր` մաղթելով, որ այդ ընտրութիւնները կայացնելու սահմանադրական ժամկէտները յարգուին:
Ան նշեց նաեւ, որ Բրիտանիա շահագրգռուած է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելով եւ իբրեւ այդպիսին կը մաղթէ, որ Սուրիոյ տագնապը իր ազդեցութիւնը չունենայ Լիբանանի վրայ:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, որ ընդգծեց ընտրական արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող օրէնք մը վաւերացնելու եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի: Քննարկուեցան դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր:


