Քուէյթի Մէջ Նախագահ Սլէյման Մասնակցեցաւ Սուրիացի Գաղթականներ Հիւրընկալող Երկիրներուն Նուիրատուութիւններ Յատկացնելու Համաշխարհային Խորհրդաժողովին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ գլխաւորելով լիբանանեան պատուիրակութիւնը, ուղղուեցաւ Քուէյթ` մասնակցելու համար սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալող երկիրներուն նուիրատուութիւններ յատկացնելու նպատակով ՄԱԿ-ի կազմակերպած համաշխարհային խորհրդաժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 59 երկիրներ:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
Նախագահ Սլէյման եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Քուէյթի գահաժառանգ իշխան շէյխ Նաուաֆ Ահմետ Սուպահի կողմէ, ապա անոնք փոխադրուեցան Պայան պալատ, ուր դիմաւորուեցան Քուէյթի շէյխ Սուպահ Ահմետ Ժապեր Սուպահ իշխանին կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի հիւրընկալած մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներուն եւ անոնց կարիքներուն վերաբերող հարցեր:
Պալատին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին ընթացքին նախագահ Սլէյման իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց սուրիացի գաղթականներուն կարիքներուն բաւարարման գծով քաղաքական ղեկավարութիւններուն գիտակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ան նշեց, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ դրած է իր հողերուն վրայ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու առումով, սակայն անոր կարողութիւնները սպառած են: Ան ըսաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը գաղթականներուն օգնութեան համար 370 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է:
«Լիբանան իր քոյր պետութիւններէն օժանդակութիւններ կը խնդրէ` գաղթականներուն օժանդակութիւնը շարունակելու համար: Սակայն հակառակ իր սահմանափակ կարողութիւններուն, Լիբանան իր սահմանները պիտի չփակէ սուրիացի գաղթականներուն դիմաց», հաստատեց հանրապետութեան նախագահը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ: Շեշտուեցաւ այս խորհրդաժողովին կայացման կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ դրացի երկիրներուն կարողութիւնը սահմանափակ է եւ նման մեծ թիւով գաղթականներուն կարիքները չի կրնար գոհացնել:
Նախագահ Սլէյման տեսակցեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան կարիքը ունի նիւթական անմիջական օժանդակութեան` հոգալու համար սուրիացի գաղթականներուն կարիքները:
Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ արաբական երկիրները օժանդակեն Լիբանանին, որպէսզի ան տոկայ այդ ծանր բեռին եւ կարենայ պահպանել իր քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական կայունութիւնը:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Թունուզի նախագահ Մունսեֆ Մարզուքիի հետ եւ զայն հրաւիրեց այցելելու Լիբանան:
Նշենք, որ երեկոյեան նախագահ Սլէյման եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը վերադարձան Լիբանան:


