Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ընդառաջ Ֆրանսայի Մէջ Նախատեսուած Են Բազմաթիւ Ձեռնարկներ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներուն մէջ նախատեսուած են իրականացնել բազմաթիւ ձեռնարկներ:
Այս մասին «Արմենփրես»-ին յայտնած է Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:
«Տակաւին յստակ չեմ կրնար նշել, թէ ո՛ր քաղաքները ընդգրկուած պիտի ըլլան, կամ ձեռնարկներու շարքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ, որովհետեւ այդ մէկը մենք հիմա կը համակարգենք պետութեան հետ», ըսաւ Փափազեան:
ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները վերջերս գումարած են ժողով մը, որուն ժամանակ քննարկուած են տարբեր հարցեր: Խորհուրդի համանախագահին համաձայն, ժողովի հիմնական թեմաները եղած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման եւ Ազրպէյճանի իրական դէմքի բացայայտման հարցերը:
«Աշխարհը պէտք է ճանչնայ Ազրպէյճանի իսկական դէմքը: Այդ երկիրը կը շարունակէ հակահայկական քարոզչութիւնը, սուտի եւ կեղծիքի տարածումը, եւ մեր նպատակն է ցոյց տալ աշխարհին, թէ իրականութեան մէջ ինչպիսի՛ն է այդ պետութիւնը», ընդգծեց Փափազեան:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակին կողմէ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին 26 փետրուարին դասախօսութիւն պիտի ըլլայ, իսկ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ 28 փետրուարին Սումկայիթի ջարդերուն հետ կապուած բողոքի ցոյց պիտի կազմակերպուի Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ:


