50 Տարի Առաջ (1 Փետրուար 1963)
Տոմսեր
Զռացող Լուրը
Զարմանալի չէ: Ընդհակառա՛կն: Լուրը Թուրքիայէն կու գայ:
(Անգարա).- Թուրքիոյ էշերը ազնուացնելու համար որոշուած է Կիպրոսէն էշ ներածել: Ինչպէս յայտնի է` Կիպրոսի սպիտակ եւ ստեւոտ էշերը համբաւաւոր են իրենց գեղեցկութեամբ:
Այս որոշումը տրուած է քանի մը օր առաջ, 1963-ին, Մոհամետի 1382 տարեթուին:
Որ ունկն ունի լուիցէ… այս զռացող լուրը:
Չորս ականջները խօսին ամերիկացիին ու ռուսին, որ տոպրակով, գարիի տոպրակով տոլար եւ ռուբլի է որ կու տա՜ն ու կու տա՛ն թուրքին: Թող իրենց փողն ու ոսկին տան ու կենան իրենց աւանդական պաշտպանեալին, յաւիտենական մուրացկանին, միշտ չորս ոտքով իրենց դիմող բարեկամին: Փալանը, ոսկի թէ ոչ, կու գայ օրը աքացիին:
Այսօր, երբ արար աշխարհ երկնաշրջիկ արբանեակներու հոլովոյթը կը դիտէ, թուրքը դեռ էշ կը հոլովէ:
Այսօր քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, մէջն ըլլալով հայը, քարի եւ երկաթի դարերը մաշեցուցած, հանքածուխի ու քարիւղի դարերը քամած, աշխարհն է կառուցած:
Այսօր քաղաքակիրթ մարդկութիւնը, մէջն ըլլալով հայը, հիւլէն կը նուաճէ, անջրպետը կը չափէ եւ իր հրաշադարը կ՛ապրի:
Եւ այսօր թուրքը դե՛ռ իր իշադարը կ՛ապրի:
Զարմանալի չէ: Ընդհակառա՛կն: Տեղքայլը թուրքի պար է:
Արաքսէն ասդին, դարերու արիւնահամ կողոպուտով ուռճացած երկրի մը մէջ, Արարատի անէծքին տակ, Անատոլեան դաշտերուն մէջ գիշեր է միշտ, գիշեր անհուն:
Անդին, հայուն «թրաքթորը» կը գոռայ: Ասդին, դեռ թուրքին էշը կը զռայ:
Անդին, հայը իր ներկայով իր ապագան կ՛արծարծէ: Ասդին, թուրքը իր ներկայով իր ապագան կ՛արածէ:
Ըսենք, թէ Կիպրոսի խորոտիկներուն եւ Մարզուանի մատակներուն հաճութեամբ` թուրքերը յաջողին ազնուացնել իրենց երկրին էշերը: Իշապանները ո՞վ պիտի ազնուացնէ: Առաջինը դիւրին է, իշու գործ է, երկրորդը դժուար է, մարդու գործ է: Առաջինը կարելի է: Անկարելին երկրորդն է: Թրքական իսկ առածով, էշ փոխելով` էշ հեծնողը չի փոխուիր:
Թուրքիոյ էշերը ազնուացնելու համար…:
Այս է Թուրքիայէն հասած վերջին… զռացող լուրը:
«Յ.»
ՇԱՀԷՆ
ՀՄԸՄ-ի Թրիփոլիի Մասնաճիւղի
Տարեկան Շքեղ Պարահանդէսը
Շաբաթներէ ի վեր ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը տքնաջան աշխատանք կը տանէր պատրաստութեանը համար պարահանդէսի մը, որ տեղի ունեցաւ 19 յունուար 1963-ին տեղւոյս Քազինօ «Շըվալ Պլան»-ի շքեղ սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Թրիփոլիի երեսփոխան Ֆուատ Պորթի:
Հայ եւ արաբ կոկիկ բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը: Գրեթէ բոլոր սեղանները նախապէս գրաւուած էին: Ժամը 10:00-ին սրահ ժամանեց օրուան պատուոյ հիւրը` Ֆուատ Պորթը շրջապատուած իր երկու զարմիկներով եւ կարգ մը երեւելի անձնաւորութիւններով: Անոնք առաջնորդուեցան դէպի պատուոյ սեղանը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ «Մէսաժըրի Մարիթիմ»-ի տնօրէն Նուպար Ուրֆալեան եւ իր դուստրը, վարչութեան ատենապետ Երջանիկ Տնկիկեան, փոխատենապետ տոքթ. Յակոբ Փափազեան:
Պէյրութէն մասնաւորապէս հրաւիրուած էր Լեւոն Սէքսէնեանի նուագախումբը, որ իր անզուգական նուագով ներկաները գինովցուց, հաճելի եւ դիւթիչ մթնոլորտ մը ստեղծելով: Հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր տոքթ. Յակոբ Փափազեան, որ շատ հաճելի կերպով կատարեց իր պաշտօնը: Ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, երեսունի մօտ արժէքաւոր նուէրներու բաշխման համար, որմէ անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ «Միս էլեկանս»-ի ընտրութիւնը, որ վիճակուեցաւ Օրօր Ուրֆալեանին:
Ժամը 3:30-ին վարչութիւնը Ամերիկեան աճուրդի դրաւ «Բաթիսըրի մօտէրն»-ի կողմէ նուիրուած մեծ կարկանդակ մը, երեք յարկանի, որուն ճիշդ մէջտեղը ՀՄԸՄ-ի նշանը պատկերացուած էր: 250 լ. ոսկիի հասնելէ յետոյ, կարկանդակը վիճակուեցաւ Մկրտիչ Չպուքճեանին:
Պարահանդէսին ներկայ էին նաեւ Պէյրութէն եկած ՀՄԸՄ-ի երէց սկաուտներ եւ սկաուտական ընդհանուր խմբապետ Ճանիկ Ոսկերիչեան, որ 100 լ. ոսկի նուիրեց ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ: Ներկաները հայկական եւ արաբական ազգային պարեր կատարեցին եւ սրահէն բաժնուեցան շատ գոհ տրամադրութեամբ:
Մասնաւոր գնահատանքի եւ գովասանքի արժանի է ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը, որ իր այս ձեռնարկը յաջողութեամբ կատարեց, ամէնուն հիացումին արժանանալով:
ԹՂԹԱԿԻՑ

