Հակառակ Գաղութին Մէջ Տիրող Անբարենպաստ Պայմաններուն` Հալէպահայութիւնը Արժանապատուօրէն Նշեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 122-ամեակը

ՎԱՐԴԵՆԻ ԽՈՒՏԷՑԵԱՆ

Կիրակի, 20 յունուար 2013-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ հալէպահայութիւնը արժանաւոր կերպով նշեց ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան եւ պայքարի 122-ամեակը:

122 տարիներ շարունակ յանուն ժողովուրդի ծառայութեան եւ յանուն ազգային վսեմ նպատակներու իրականացման` Դաշնակցութեան պատնէշի վրայ ըլլալու ապացոյցն էր հոծ բազմութեան ներկայութիւնը: Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանը: Ներկայ էին հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետն ու հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդին ներկայացուցիչը, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսը, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր հայրեր:

Հանդիսութիւնը սկսաւ եւ բեմը բացուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով` կատարողութեամբ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի: Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը:

Բացման խօսքը արտասանեց  Գօգօ Յարութիւնեան, որ գլխաւորաբար շեշտեց, թէ այսօր սուրիահայութեան ապրած ծանր օրերուն, անոր դիմագրաւած բազում դժուարութիւնները յաղթահարելու համար Դաշնակցութիւնը պատնէշի վրայ, ժողովուրդին կողքին է, ժողովուրդին մէջ եւ ժողովուրդին հետ: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ` «Ժողովուրդին ներկայութիւնը ջերմութեամբ կ՛ողողէ մեր ծրագիրները եւ անոնց իրագործման համար ի գործ դրուած մեր ջանքերը նոր ուժ կը ստանան»:

Պահի յատուկ լրջութեամբ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը յաջորդաբար մեկնաբանելով` «Ելէ՛ք, հայեր», «Պարի՛ր, արցախցի» եւ «Դաշնակցութիւն» երգերը:

Գեղարուեստական յայտագրին յատուկ երանգ տուաւ դաշնամուրի վրայ Առնօ Բաբաճանեանի «Էլեկիա»-ի ներկայացումը` Ռուզան Պարսումեանի կողմէ:

 

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբը` «Հայաստան» պարով:

Ապա Մարիա Սարգիսեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Սարգիս Կիրակոսեանի «Օրհներգ մերօրեայ ասպետներուն» բանաստեղծութիւնը:

Օրուան բանախօսն էր Կարօ Եիւզպաշեանը: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպչական ուժին եւ գաղափարական աւանդներուն, որոնք իր ծնունդէն սկսեալ վճռեցին պատմակշիռ առաքելութեան տարողութիւնը եւ ի գործ դրուելիք զոհողութեանց ծաւալը:

Բանախօսը նշեց, թէ ինչպէս որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ կը ձգտի հայ ժողովուրդի բարօրութեան, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, երկրի զարգացման եւ հայրենի պետականութեան կայացման ու հզօրացման, նոյնպէս ալ պատասխանատու դիրք կը ստանձնէ սփիւռքի տարածքին, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ մէջ:

Կ. Եիւզպաշեան դիտել տուաւ, որ սուրիահայ գաղութը իր երազային Հալէպով, համասփիւռքեան մեր կառոյցներուն այն ինքնատիպ ու աւանդական գաղութն է, որ կազմուեցաւ յետ Եղեռնի դժբախտ իրողութեան: Սակայն մարտ 2011-ին երկրի տարածքին զարգացող դէպքերը ալեկոծեցին նաեւ սուրիահայութիւնը: ՀՅ Դաշնակցութիւնը, նախաձեռնողը եղաւ Սուրիոյ Շտապ օգնութեան մարմինի ստեղծման, ինչպէս նաեւ դարձաւ անդրանիկ նուիրատուն, Հայաստանի մէջ «Օգնի՛ր եղբօրդ» ծրագրին եւ սփիւռքի տարածքին օժանդակութեանց կազմակերպման գործին:

Բանախօսը իր խօսքը եզրափակեց` շեշտադրելով հետեւեալ հիմնական կէտերը.

1.- Սուրիահայերը կը մնան Սուրիոյ ժողովրդային հիւսուածքի անբաժան մէկ բաղադրիչը:

2.- Անհրաժեշտ է տէր կանգնիլ Սուրիոյ հողային եւ ժողովրդային ամբողջականութեան:

3.- Ջատագովն ենք Սուրիոյ մէջ ժողովրդական կարգերու ամրապնդման եւ զարգացման:

4.- Կը հաւատանք ժողովրդային բոլոր խաւերու մասնակցութեամբ, երկխօսութեան ճամբով լուծել առկայ տագնապը` հեռու մնալով բռնարարքներէն:

5.- Դէմ ենք այն միջամտութիւններուն, որոնք կը հրահրեն տագնապը, կը վտանգեն համակեցութիւնը եւ երկրին ամբողջականութիւնը:

6.- Յարգանքով կը խոնարհինք սուրիական հայրենիքին սիրոյն իրենց արիւնը նուիրաբերած բոլոր նահատակներուն յիշատակին:

Վերջապէս, բանախօսը պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին, կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն եւ անհատ բարերարներուն, որոնք չզլացան իրենց պատուաբեր ներդրումը կատարելու սուրիահայութեան օժանդակութեան բոլորանուէր գործին:

Ապա բեմ բարձրացաւ սրբազան հայրը` փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը: Ան առաջին հերթին ցնծութեամբ, ներքին հզօր կամքով եւ խանդավառութեամբ ողջունեց ժողովուրդին խուռներամ ներկայութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան ծննդեան եւ գործունէութեան 122 ոսկեայ տարիներու առթիւ պատրաստուած սոյն ձեռնարկին: Սրբազան հայրը նշեց, թէ վերջին 122 տարիները լեցուն են այնպիսի սխրագործութիւններով, որոնց համար մեր ժողովուրդին զաւակները առանց բացառութեան կրնան հպարտութեամբ եւ համահայկական գիտակցութեամբ իրենց ճակատը բարձր պահել, եւ որուն մէջ պատիւը կը տրուի հայանուէր կազմակերպութեան` Դաշնակցութեան, որ մեր պատմութեան ամենատխուր օրերուն եւ ամենատագնապալի պահերուն կը յայտարարէ եւ կը խոստանայ պատնէշի վրայ ըլլալ:

Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ նշեց, թէ` «մեր ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին տագնապներ, պատերազմներ, բազմատեսակ նեղութիւններ եւ ստրկացման բոլոր տեսակի ճիգերը, ճիշդ է, երբեմն հոգեբանօրէն կ՛ընկճեն մեր ժողովուրդը, սակայն մթութեան մէջ լոյս, տխրութեան մէջ ցնծութիւն բերող այսօրուան հանդէսը կը նկատեմ յաղթութիւն: Յաղթութիւն այն իմաստով, որ սուրիական տագնապին մէջ  սուրիացիներուն կրած բազմատեսակ նեղութեան մէջ, սուրիական համայնքը միակամ եւ ամրակուռ կը մասնակցի սոյն հանդիսութեան: Երբեմն մեր ժողովուրդի զաւակներէն մեկնող, երբեմն պատնէշէն վար թաւալող, երբեմն լքող, երբեմն նահանջող փոքրաթիւ զանգուածին դիմաց մեծաթիւ մեր ժողովուրդը ամրակուռ կառչած կը մնայ այն սկզբունքներուն, որոնք մեր ժողովրդային ծառայութեան աստուածօրհնեալ արժէք կու տան»:

Սրբազան հայրը իր խօսքը փակեց` ողջունելով պատնէշի վրայ մնացող եւ նեղութիւններու դիմացող երիտասարդութիւնը եւ յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդները, որոնք ամէն ինչ ի գործ կը դնեն, որպէսզի մեր ժողովուրդը ամուր մնայ տագնապալի այս օրերուն մէջ:

Մնալով միշտ պատնէշի վրայ` ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր 122 ամեայ երթով ու նորանոր իրագործումներու խոստումով կը շարունակէ ըլլալ մեր խաւար ճանապարհներու լուսաւոր փարոսը, հայու մարտունակ ոգիի վերընձիւղման դարբնոցը եւ հայ ժողովուրդի անկատար տենչերու իրականացման ռահվիրան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES