Ազրպէյճանի Մէջ Ժողովրդական Բողոքի Ալիքը Կը Մօտենայ Պաքուին
Ազրպէյճանի մէջ ժողովրդական ընդվզումի ալիքի աշխարհագրութիւնը կը տարածուի:
Ազրպէյճանական Kontakt.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ բողոքի ցոյցերու կը պատրաստուին մայրաքաղաք Պաքուէն 25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Թիւրքիան գիւղի բնակիչները: Կայքէջը` վկայակոչելով իր աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ բնակիչները կը նախատեսեն յառաջիկային երթով ուղղուիլ դէպի Ազրպէյճանի նախագահի նստավայր: Պատճառը` բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ գիւղի հողատարածքներու գրաւումն է:
Ըստ նոյն աղբիւրին, գիւղացիներէն հողերը կը խլուին գխաւոր դատախազութեան կից գործող Փտածութեան դէմ պայքարի վարչութեան պետի տեղակալի իմացութեամբ եւ հովանիի տակ:
Աւելցնենք, որ վերլուծաբանները Ազրպէյճանի մէջ «քաղաքական թեժ գարուն» կը նախատեսեն: Իսկ վերջին օրերուն զանգուածային բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են ազրպէյճանական շարք մը շրջաններու մէջ:
Երէկ ընկերային խնդիրներու դէմ իրենց բողոքը արտայայտած են Իմիշլի քաղաքի բնակիչները, իսկ նախապէս զանգուածային ցոյցեր տեղի ունեցած էին Իսմայիլլիի շրջանին մէջ:

