«Ասատ Չի Կրնար Սուրիական Փոխանցման Կառավարութեան Մաս Կազմել» Կ՛ըսէ Հէյկ

Ուիլիըմ Հէյկ

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ «մենք Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծում մը կ՛ուզենք տեսնել»: «Անցեալ տարի Ժընեւի մէջ համաձայնեցանք փոխանցման կառավարութիւն մը կազմելու շուրջ, որուն մաս կազմեն ներկայ վարչակարգէն եւ ընդդիմութենէն անդամներ»` շեշտելով, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնայ այդ փոխանցման կառավարութեան մաս կազմել»:

Հէյկ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ «մենք սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպի եւ Ազգային համաձայնական մարմինի աշխատանքին կը զօրակցինք ու մեր կարծիքով անոնք սուրիացի ժողովուրդին միակ օրինական ներկայացուցիչներն են»:

«Սուրիական տագնապը մեծ վտանգներ կը պարունակէ, ինչպէս նաեւ մեծ վտանգներ են քիմիական եւ կենսաբանական զէնքերը, զորս, կը կարծենք, Սուրիա ունի», ըսաւ ան` նշելով, որ «Սուրիոյ մէջ գտնուող զէնքերը կարելի չէ շրջանին մէջ այլուր փոխադրել»:

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտնեց, որ ներկայիս սուրիական տագնապի քննարկման համար Ապահովութեան խորհուրդէն այլ վայր չկայ` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է «վերջ տալ Ժընեւի հաղորդագրութեան մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի դերակատարութեան վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող շինիչ անորոշութեան»:

Ան նշեց, որ ամբողջական լիազօրութեանց տէր փոխանցման մարմին մը կազմելը դժուար չէ եւ պէտք է երկու կողմերուն, ինչպէս նաեւ ընդդիմութեան եւ իշխանութեան կողմէ ընդունելի եւ ծանօթ անձնաւորութիւններէ կազմուած ըլլայ` ընդգծելով, որ «սուրիացիները իրենք իրենց կառավարութիւնը պիտի կազմեն»: Ըստ Իպրահիմիի, սուրիացիները անկարող են երկխօսութիւն կատարելու եւ իրենց հարցերը իրենք լուծելու` աւելցնելով, որ «եթէ այդ մէկը կարելի ըլլար լաւագոյն ընտրանքը պիտի ըլլար»:

Պատասխանելով սուրիական տագնապով Լիբանանի վարակման շուրջ հարցումի մը` Իպրահիմի ըսաւ, որ «Լիբանանի մէջ ինքնին հարցեր գոյութիւն ունին, եւ կարելի չէ այս չափի տագնապ մը մէկ երկրի սահմաններուն մէջ արգելափակել. անպայման որ պիտի յորդի»` աւելցնելով, որ «եթէ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը եղածին պէս շարունակուի ու սուիրական վէրքը հոտի, ապա անպայման որ վարակում տեղի պիտի ունենայ եւ ատոր նախանշանները արդէն գոյութիւն ունին»:

Ան ընդգծեց, որ «Սուրիան վտանգուած է եւ վատ վիճակի մէջ, իսկ սուրիացի ժողովուրդը կը տառապի»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ «Սուրիոյ շուրջ կարգ մը ռուսական նախաձեռնութիւններ արեւմուտքէն եւ մասնաւորաբար ամերիկայէն բուռն ընդդիմութեան կ՛արժանանան»:

Ան ցաւ յայտնեց, որ «ամերիկացի գործընկերները իրենց յաճախ կատարած յայտարարութեանց մէջ կողմնակալ կերպով մեկնաբանեցին Սուրիոյ նկատմամբ ռուսական կեցուածքը»` նշելով, որ «այս հարցը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեանց, զորս կարելի է միայն ամէն ինչ գլխիվայր դարձնելու փորձ նկատել»:

ԱՖՓ հաղորդեց, որ Սպիտակ տունը յայտարարած է, որ շաբաթ օր, Միւնիխի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Իպրահիմիի եւ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպի սիջեւ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ:

Share this Article
CATEGORIES