Արաբական Լիկան Կը Դատապարտէ Ռիֆ Տիմաշքի Մէջ Գտնուող Թիրախի Մը Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումը
Արաբական լիկան դատապարտեց Սուրիոյ Ռիֆ Տիմաշքի շրջանին մէջ իսրայէլեան յարձակումը, որ պատճառեց երկու զոհ եւ շարք մը վիրաւորներ: Լիկան նշեց, որ իսրայէլեան վարմունքը «ՄԱԿ-ի ուխտը բռնաբարում եւ միջազգային համաձայնութիւններու ու փաստաթուղթերու խախտում մը» կը նկատուի:
Արաբական լիկան իսրայէլեան յարձակումը նաեւ նկատեց «արաբական երկրի մը հողամասերուն ու գերիշխանութեան բացայայտ բռնաբարում մը» եւ «միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց իր պարտաւորութեանց տէր կանգնելու եւ արաբական երկիրներուն դէմ Իսրայէլի յարձակումներուն վերջ տալու»` նշելով, որ «անցեալին Սուրիոյ մէջ վայրի մը Իսրայէլի կողմէ ռմբակոծման նկատմամբ միջազգային ընտանիքին ցուցաբերած լռութիւնը Իսրայէլը քաջալերեց դարձեալ յարձակում գործելու` այդտեղ տիրող կացութիւնը օգտագործելով իր այս ոճրային արարքը գործելու համար»:
Լիկայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է Իսրայէլը ամբողջովին պատասխանատու նկատել իր յարձակումին եւ իր հողերն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու Սուրիոյ իրաւունքին, եւ Իսրայէլի պատճառած նիւթական վնասներուն եւ մարդկային զոհերուն համար ամբողջական հատուցում պահանջել»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի Ռիֆ Տիմաշքի Ժամրայա շրջանին մէջ գիտական կեդրոնի մը քանդումը արաբական երկրի մը գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի ուխտի բռնաբարում մը եւ միջազգային համաձայնութիւններու ու փաստաթուղթերու խախտում մը նկատեց: Ան պահանջեց, որ Իսրայէլ իր այս արարքին համար ամբողջական պատասխանատուութիւն կրէ եւ անկէ հատուցում պահանջուի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի բուռն կերպով քննադատեց Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան յարձակումը` նշելով, որ «յարձակումը համահունչ է կայունութեան եւ ապահովութեան վերատիրանալու Սուրիոյ ժողովուրդին ու կառավարութեան յաջողութիւններէն ուշադրութիւն շեղելու արեւմտեան եւ իսրայէլեան ներկայ քաղաքականութեան»:
«Իսրայէլեան յարձակումը ի յայտ կը բերէ ահաբեկչական խմբաւորումներու նպատակներուն եւ իսրայէլեան նպատակներուն նոյնութիւնը», ընդգծեց Սալեհի:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ամրօ իր կարգին դատապարտեց Սուրիոյ դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումը:
Միւս կողմէ, ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` վկայակոչելով ամերիկացի անանուն պաշտօնատար մը հաղորդեց, որ Իսրայէլ Ռիֆ Տիմաշքի մէջ զինուորական կեդրոն մը հարուածելէ առաջ ամերիկեան վարչակարգը տեղեակ պահած է, թէ մտադիր է Սուրիոյ մէջ զինուորական թիրախի մը դէմ յարձակում գործել:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց իսրայէլեան յարձակումին լուրին առնչութեամբ` վստահեցնելով, որ «տեղեկութիւններու հաստատման պարագային պիտի դատապարտէ յարձակումը»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ եթէ այդ լուրը հաստատուի, «ապա այդ մէկը պիտի նշանակէ, որ առանց արդարացուցիչ պատճառի գերիշխանութեան տէր երկրի մը դէմ կրակ բացուած է, ինչ որ ՄԱԿ-ի ուխտի բացայայտ բռնաբարում մըն է»:
«ՌԻԱ Նովոսթի», յղում կատարելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Դամասկոսի մօտ գտնուող զինուորական հետաքննութեան կեդրոնին մէջ կրնայ քիմիական զէնք ըլլալ: Արեւմտեան լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ իսրայէլեան օդուժը հարուածած է զինուորական բեռ տեղափոխող շարասիւն մը, սակայն սուրիացի զինուորականները հերքած էին այդ լուրը: «Ժամրայայի մէջ ենթադրաբար քիմիական զէնք կը պահուի եւ հաւանական է, որ ինքնաշարժներու շարասիւնը գտնուած է այդ կեդրոնին մօտ, երբ չորեքշաբթի առաւօտեան յարձակման ենթարկուած է», կը գրէ գործակալութիւնը: Աղբիւրները կը բացառեն, որ քիմիական զէնքը կրնային ինքնաշարժի շարասիւնով տեղափոխել:
Մինչ այդ, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսըն յայտնեց, որ «Սուրիոյ քիմիական զէնքեր ունենալուն շուրջ որեւէ տեղեկութիւն չունինք»` նշելով, որ ՕԹԱՆ Սուրիոյ մէջ կացութեան մօտէն կը հետեւի եւ Թուրքիան պաշտպանելու նախանձախնդիր է:
«Սքայ Նիուզ», մէջբերելով սուրիական աղբիւրներ, հաղորդեց, որ Ժամրայայի դէմ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին պատասխանը «սուրիական եւ ցնցիչ» պիտի ըլլայ:
Դամասկոս իսրայէլեան յարձակումին դէմ պաշտօնական բողոք մը ներկայացուց ՄԱԿ-ին: Իսկ Սպիտակ տունը Դամասկոսը զգուշացուց Հըզպալլային զէնքեր փոխանցելէ:

