Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ կուսակցութիւնը պատրաստ է հրաժարելու Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծէն եւ այլ առաջարկ մը որդեգրելու, եթէ անիկա խորհրդարանին մէջ յաւելեալ համախոհութեան արժանանայ եւ ապահովէ հաւասարութիւն, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը: «Ո՞ւր էին ազգային ուխտին եւ համերաշխութեան հսկող կողմերը, երբ քրիստոնեայ համայնքը լուսանցքայնացումի մէջ էր», հարց տուաւ Ժեմայէլ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի կարենայ ապահովել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը` նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող կացութիւնն ու Սուրիոյ իրավիճակին վատթարացումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու ոչ մէկ միտում ունի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, որ նախանցեալ երեկոյեան այցելած էր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, ներկայացուցած էր Մուսթաքպալի նախաձեռնութիւնը եւ այդ մասին արձանագրած Ռայի պատրիարքին դիտողութիւնները, նախքան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ անոր ներկայացումը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Սուրիայէն Լիբանան փոխադրած է մեծ քանակութեամբ քիմիական զէնքեր: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, քիմիական զէնքերուն փոխադրութեան հսկած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մօտիկ բարձրաստիճան զինուորականներ, իսկ փոխադրութիւնը տեւած է քառասուն օր` 17 փետրուար 2012-էն մինչեւ մարտի վերջերը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն փոքր մանրամասնութիւնը կախեալ է Հըզպալլայի կեցուածքէն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն կոչ ուղղեց նկատի ունենալու քրիստոնեայ համայնքին մտավախութիւնները եւ ապահովելու ընտրական այնպիսի օրինագիծ մը, որ արդարութիւն կը բանեցնէ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով կարգ մը երեսփոխաններէ, կը հաստատէ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դարձեալ կրցած է ճկունութեամբ դուրս գալ տիրող կացութենէն եւ երկարաձգել ընտրական օրինագիծերը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբին աշխատանքները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին առումով իրենք կը զօրակցին երկխօսութեան` աւելցնելով, որ համախմբումը կը մաղթէ յանգիլ միջին լուծումի մը: Սալհապ հաստատեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ առկայ միակ ընտրական օրէնքը 1960-ի ընտրական օրէնքն է, որուն հիման վրայ պիտի կատարուին երեսփոխանական ընտրութիւնները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն հաստատեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ընտրական օրէնք մը մշակելու հարցը ի վերջոյ պիտի աւարտի, եւ կրնան տակաւին տասը այլ ընտրութիւններ ալ կատարուիլ, սակայն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու դաշինքը պիտի գոյատեւէ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ սուրիական իշխանութիւններուն հետ հաղորդակցութեան ընդմէջէն կը համադրեն սուրիացի գաղթականներուն վերադարձը` դէպի Սուրիոյ ապահով վայրերը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին զայրոյթով կ՛անդրադառնայ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու մասին յայտարարութիւն կատարող կողմերը պիտի ամբաստանուին ընտրութիւններուն կայացումը խոչընդոտել փորձելու յանցանքով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱ բացայայտեց, որ վերջերս ձերբակալուած Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսող լիբանանցի գործակալ Թալալ Խալիլ, որ Հարաւային արուարձաններու բնակիչ է, կը զբաղէր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի բնակարանին վերաբերող մանրամասնութիւնները իսրայէլեան կողմին փոխանցելու աշխատանքով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ արձանագրուած տարակարծութիւններուն հիմքը կը կազմէ ոմանց կողմէ «Արաբական գարնան» արդիւնքներէն մտավախութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի այցելեց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ պաղեստինեան խմբաւորումներուն ներկայացուցիչներուն հետ: Ան նշեց, որ իր այցելութեան նպատակն է գաղթականներուն իրավիճակը ստուգել եւ շեշտել, թէ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան ներկայութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա մեկնեցաւ Հռոմ:

