Ժեմայէլ. «Ուղղափառ Հանդիպումին Մշակած Օրինագիծին Այլընտրանքը 1960-ի Ընտրական Օրէնքին Վերադարձն Է»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, որ նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ, յայտնեց, որ ներկայիս շրջանառութեան մէջ դրուած Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին այլընտրանքը 1960-ի ընտրական օրէնքին վերադարձն է, որովհետեւ ընտրական այլ օրինագիծ մը մշակելու որեւէ լուրջ փորձ չէ կատարուած:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են քննարկելու որեւէ օրինագիծ, որ կը միտի մէկ կողմէ իսկական գործակցութիւն ապահովել եւ միւս կողմէ պահպանել Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Հոլլանտ մտահոգ է Լիբանանով եւ անոր համար անհրաժեշտ է Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES