Ժոմպլաթի Եւ Հարիրիի Հանդիպումին Մասին
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իր ունեցած հանդիպումին մասին խօսելով` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ այդ հանդիպումը եղած է մտերմիկ` աւելցնելով, որ հանդիպումին քննարկուած են լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հարիրի նշեց, որ հակառակ Ժոմպլաթի հետ գոյութիւն ունեցող քաղաքական որոշ տարակարծութիւններուն, իրենք համաձայն են Թաէֆի համաձայնագիրին եւ ազգային համերաշխութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ կը մերժեն Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:
Հարիրի աւելցուց նաեւ, որ այդ օրինագիծը մերժելու առումով իրենք համաձայն են նաեւ հանրապետութեան նախագահին եւ անկախ անձնաւորութիւններուն հետ:
Իր կարգին, Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք համաձայն գտնուած է Հարիրիի հետ, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը կը խզէ Լիբանանի Ազգային ուխտը:
Ժոմպլաթ ընդգծեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուած է երկրին ապահովական կայունութիւնն ու ազգային երկխօսութիւնը: