Պասիլ. «Ելեկտրական Հոսանք Արտադրող Թրքական Նաւը Յառաջիկայ Շաբաթ Պիտի Հասնի Լիբանան»

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ելեկտրական հոսանք արտադրող թրքական նաւը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի հասնի Լիբանան:

Պասիլ ներքին գործոց եւ տնտեսութեան նախարարութիւններէն պահանջեց հետեւիլ ելեկտրական հոսանք բաժնող անձնական շարժակներու սեփականատէրերու ստացագիրներուն:

Պասիլ յայտնեց, որ ելեկտրականութիւն արտադրող թրքական նաւերուն Լիբանան հասնելէն ետք ելեկտրականութեան մատակարարումը երեք ժամով պիտի աւելնայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )