Մանսուր. «Խստիւ Կը Դատապարտենք Սուրիոյ Դէմ Գործուած Իսրայէլեան Յարձակումը»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան օդուժին կողմէ սուրիական զինուորական գիտական կեդրոնի մը ռմբակոծումը` զայն նկատելով Սուրիոյ դէմ գործուած բռնարարք մը, որ կը փաստէ 1948-էն ի վեր ահաբեկչական գոյացութիւն ըլլալու Իսրայէլի բնոյթը` շարունակելով սպառնալ արաբական ապահովական կայունութեան եւ խաղաղութեան:
«Իսրայէլ երբեք պիտի չկարենայ արաբական աշխարհը կատարուած իրողութեան դէմ յանդիման դնել: Իսկ այս հանգրուանին, արաբական երկիրները պէտք է միասնական կեցուածքով դատապարտեն Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի յարձակումը եւ անոր դէմ օգտագործեն դիմադրութեան բոլոր կարելի միջոցները», շեշտեց Մանսուր:
CATEGORIES Լիբանանեան