«Ընտրութիւններուն Անիմաստութիւնը Ապացուցելու Համար Անվաւեր Պիտի Դարձնեմ Քուէաթերթիկը» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի նիստերուն խօսելով Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն մասին` ըսած է, որ եթէ խորհրդարանական զօրաւոր ուժերը չեն մասնակցիր ընտրութիւններուն, ուրեմն ժողովուրդին 80 առ հարիւրը չի հաւատար արդիւնքներուն, եւ բացի ատկէ` ընտրութիւններով վիճակը չի փոխուիր:
«Այս բոլորին իբրեւ արդիւնք ընտրութեան մասնակցիլը ինքնանպատակ է: Մենք չմասնակցելով` աւելի լաւ կը պայքարինք եւ կը պայքարինք հիւանդութիւնը բուժելու համար, ցոյց կու տանք արատները, որոնք կան ընտրական հոլովոյթներուն մէջ», «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հարցը» հաղորդումին ընթացքին ըսած է Արմէն Ռուստամեան:
Ան նշած է, որ ՀՅԴ-ն իր համակիրներուն յստակ ցուցմունքներ պիտի տայ, իսկ Ռուստամեան անձամբ պիտի երթայ եւ բոլորին դէմ պիտի քուէարկէ. «Ընտրութիւններուն անիմաստութիւնը ապացուցելու համար անվաւեր պիտի դարձնեմ քուէաթերթիկը»:

