Նախագահական Թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի Վրայ Հրազէնային Կրակ Բացուած Է
Հինգշաբթի կէս գիշերին, Երեւանի կեդրոնական թաղերէն` Տպագրիչներու փողոցին վրայ, իր տան շքամուտքին մօտ, հրազէնային կրակի ենթարկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական պաշտօնին իր թեկնածութիւնը դրած, խորհրդային տարիներու քաղաքական բանտարկեալ, Ազգային ինքնորոշում միութիւն կուսակցութեան նախագահ Պարոյր Հայրիկեանը: Ուսին ստացած հրազէնային վնասուածքով Պ. Հայրիկեան նշուած վայրէն տեղափոխուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոց:
Դէպքի վայր ժամանած են Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեանն ու Երեւան քաղաքի վարչութեան պետ Ներսէս Նազարեանը:
CATEGORIES Հայկական

