Մամետեարով. «Հայաստան Կը Խոչընդոտէ Շրջանային Խաղաղութիւնը»
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարեց, որ Հայաստան կը խոչընդոտէ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը:
Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Թաքեշի Հիքիհարուի հետ հանդիպումին ընթացքին Մամետեարով վերստին պնդեց, թէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հիմնական խոչընդոտը հայկական զինեալ ուժերու ներկայութիւնն է «ազրպէյճանական տարածքներուն» մէջ:
CATEGORIES Հայկական