Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ հակառակ անոր որ մայրաքաղաքին մէջ տիրականը վառելանիւթի եւ կազի տագնապն էր, սակայն անցնող քանի մը օրերուն ապահովական զարգացումներ կ՛արձանագրուին մինչեւ օրս խաղաղ շրջաններուն մէջ, ուր պայթուցիկ սարքեր պայթեցան զանազան թաղամասերու մէջ, ինչպէս` Թիժարա, Ատաուի, Զապլաթանի եւ Քուսուր` պատճառելով նիւթական վնասներ:

Սոյն թաղամասերուն մէջ նաեւ, թիրախ դարձնելով որոշ անձնաւորութիւններ, անոնց ինքնաշարժներուն տակ տեղադրուած էին պայթուցիկ սարքեր, որոնց պայթումով զոհուեցան քաղաքացիներ եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ:

Ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, Դամասկոսի հարաւային արուարձաններուն` Քատամի, Տարէայ, եւ Տումայի մէջ սուրիական բանակի զինուած ուժերը յաջողեցան հալածել զինեալները եւ կործանել զինեալ խմբակներու կեդրոնները` բռնագրաւելով մեծ քանակութեամբ զինամթերք:

Սուրիական աղբիւրները կը հաղորդեն նաեւ, որ այլ արուարձաններու մէջ, ինչպէս` Մլեհա եւ Հաժար Ասուատ, բախումները կը շարունակուին արձանագրելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )