«Նայիրի» Մասնաճիւղ. Չմոռնանք Մեր Պապիկներն Ու Մամիկները

Ամանորի առիթով, մեր պապիկներն ու մամիկները տօնական օրերու ուրախ մթնոլորտէն անմասն չձգելու նպատակով, ԼՕԽ-ի Անթիլիասի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը ՔԱՀԼ-ի ծերանոց այցելեց: Յունուար 9-ին մասնաճիւղի երկու ընկերուհիներու կողմէ տրամադրուած հարիւր անձեռոցները, անուշեղէնը եւ սուրճը առնելով` վարչութիւնը անձամբ ներկայացաւ մեր սիրելի ծերունիներուն ու անոնց յանձնեց նուէրները:

Մենք ուրախացուցինք զիրենք ու նուազագոյն պարտականութիւն մը կատարածի զգացումով, հոգեկան գոհունակութեամբ հեռացանք ծերանոցէն:

Share this Article
CATEGORIES