ԼՕԽ-ի Ժտէյտէի «Անի» Մասնաճիւղի Ամանորի Ձեռնարկը
Ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2012-ին «Անի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի ձեռնարկը:
Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները, ԼՕԽ-ի տարբեր մասնաճիւղերէ, յանձնախումբերէ ընկերուհիներ, ԼՕԽ-ի բարեկամուհիներ, մօտ` 60 հոգի:
«Անի» ակումբը կը պսպղար Նոր տարուան յատուկ փայլուն ու գունագեղ զարդարանքներով: Հրաւիրուած էր Սիլվա Գանգրունի-Մուրատեան` Կաղանդ պապայի դերը կատարելու:
Վարչութեան ատենապետ Սեւան Ադամեան իր հմուտ հանդիսավարութեամբ, առինքնող ու հրապուրիչ երգերով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց, իսկ Կաղանդ պապան ուրախացուց բոլորը նուէրներ բաժնելով` գեղեցիկ գեղօրներ, նաեւ խոր ներշնչումով արտասանեց բանաստեղծական քառեակներ` ոգեւորելով ներկաները:
Եղան վիճակահանութիւն եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
CATEGORIES Գաղութային

