Կաղանդը

Ստորեւ կը ներկայացնենք ԼՕԽ-ի կազմակերպած մանուկներու ամանորեան խրախճանքին մասնակցած սուրիահայ երեխաներու կարգ մը տպաւորութիւններ:

ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի եւ սուրիահայ պզտիկներու Նոր տարուան տօնը շատ գեղեցիկ եւ հաճելի էր:

Փոքրիկները շատ լաւ ժամանակ անցուցին թզուկներուն, ձիւնեմարդուն եւ Կաղանդ պապուկին հետ. համտեսեցինք նաեւ համեղ կարկանդակներ:

Կաղանդ պապուկը նուէրներ բաշխեց բոլորին:

Սուրիահայ աշակերտներուն անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին:

ՍԻՆԹԻԱ ՀԱՊԻՊ

 

Ահաւասիկ Կաղանդ է: Մենք հրաւիրուած ենք Լիբանանահայ օգնութեան խաչին կողմէ` Կաղանդ տօնելու: Լաւ ժամանակ անցուցինք: Եկան Կաղանդ պապուկին թզուկները, ապա հասաւ սիրելի Կաղանդ պապան: Փոքրերն ու մեծերը շատ ուրախ էին այդ օրը: Երբ լսեցին, թէ Կաղանդ պապան նուէրներ պիտի բաշխէ, շուտով վազեցին եւ ստացան գեղեցիկ նուէրներ: Հասան ձիւնեմարդը եւ Կաղանդ պապուկին եղնիկները: Հոն` Կազդուրման կայանի փոքրերուն հետ ներկայ էին նաեւ սուրիահայ աշակերտները: Կը փափաքիմ, որ ամէն մարդ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Կազդուրման կայանի բանակումին մասնակցի, որպէսզի մեզի պէս ուրախանայ: Կը մաղթեմ շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:

ԷԼԵՆԱ ԹԱՆՆՈՒՍ

 

Լիբանանահայ օգնութեան խաչը միշտ կը մտածէ մեծերուն մասին եւ կ՛ուրախացնէ փոքրիկները: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Կազդուրման կայանի փոքրիկները հաւաքուեցան Սուրիայէն եկած հայ փոքրիկներուն հետ. միասին ուրախ մթնոլորտ մը անցուցին: Եկաւ «Ուրախ տարեդարձ» խումբը, Կաղանդ պապուկը բաժնեց նուէրներ բոլորին: Ես` Ալինա Մելքոնեան, ներկայ եղայ այդ խրախճանքին եւ շա՜տ շա՛տ ուրախացայ: ԼՕԽ-ին կը մաղթեմ միշտ վերելք եւ հզօրացում:

ԱԼԻՆԱ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES