ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» Մասնաճիւղի 35-ամեակ

6 դեկտեմբերին, Անթիլիասի «Սֆրըթ հանա» ճաշարանին մէջ կայացաւ ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի վարչութեան 35-ամեակի հանդիսութիւն, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն եւ աւելի քան 150 ԼՕԽ-ականներու եւ բարեկամներու, որոնք եկած էին միասնաբար նշելու մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը:

Քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսք արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Սօսի Մանուէլեան, որ անդրադարձաւ մասնաճիւղի 35-ամեայ երթին եւ հաստատեց, որ առաքելութիւնը պիտի շարունակուի:

Ապա բեմ բարձրացաւ սաքսոֆոն նուագող Գարնօ Սիմոնեան, որ ճոխացուց մթնոլորտը հայկական եւ օտար եղանակներու մեկնաբանութեամբ:

Ձեռնարկի վերջին բաժինով մասնաճիւղի հիմնադիր անդամները, նախկին ու ներկայ վարչականները, նաեւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը համախմբուեցան 35-ամեակի կարկանդակին շուրջ` զայն հատելով նորանոր ամեակներ մաղթելով «Գայեանէ» մասնաճիւղին:

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, կատարուեցան նուիրատուութիւններ:

Ներկաները ուրախ եւ գոհունակ տրամադրութեան մէջ շնորհաւորեցին ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի 35-ամեակը, անոր տարած նուիրական առաքելութիւնը եւ մաղթեցին, որ երթը կը շարունակուի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )