Անթուան Քեհեայեան (Սըր) Ոչ Եւս Է
Հինգշաբթի, 31 յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին մահացաւ վաստակաւոր կրթական մշակ Անթուան Քեհեայեան:
Ծնած է Ատանա` 5 փետրուար 1922-ին: Գաղթականութեան ճամբուն վրայ անցած է զանազան քաղաքներէ եւ վերջապէս հաստատուած Կիպրոս:
Անթուան Քեհեայեան նախ կը յաճախէ Կիպրոսի Թերրա-Սանթա վարժարանը, ապա, նախակրթարանը աւարտելէ ետք, միջնակարգի տարիները կ՛անցընէ Կիպրոսի ամերիկեան ակադեմիային մէջ, ուր կը սորվի հաշուապահութիւն եւ անգլերէն:
Երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Պէյրութի «Ինթըրնեշընըլ քոլեճ»-ին մէջ: Ապա կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, նախ պաշտօնեայ, սակայն շուտով` ուսուցիչ, երբ կը հանդիպի Լեւոն Շանթին: Սըր-ը կ՛ըսէ. «Ուսուցչութիւնը սիրելս կը պարտիմ Լեւոն Շանթին. ան զիս ուսուցիչ ձեռնադրեց եւ իրմէ հայերէն սորվեցայ»:
1949-էն սկսեալ Սըր Ճեմարանի անգլերէնի ուսուցիչն էր, իր իւրայատուկ ոճով երկրորդականի աշակերտներուն սորվեցուցած է անգլերէնի ճիշդ առոգանութիւնը եւ քերականութիւնը: 1954-ին կը դառնայ Ճեմարանի գիշերօթիկներու պատասխանատու վարիչ` մինչեւ այդ բաժինին փակումը:
Բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով` Սըր ունէր լայն ու ընդհանուր զարգացում` գրականութեան, մանկավարժութեան եւ քաղաքականութեան մարզերուն մէջ:

