Լիբանանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին Մասնակցելով` «Իբրեւ Հայ, Ես Խորապէս Հպարտ Եմ Այս Նուագախումբին Մէջ Ելոյթ Ունենալով» «Ազդակ»-ին Յայտնեց Հանրածանօթ Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, երէկ` ուրբաթ, 1 փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, դասական երաժշտութեան յատուկ համոյթ մը ներկայացուեցաւ Մոնոյի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ սրահին մէջ` Էշրեֆիէ:

Մայեսթրօ Ուալիտ Մուսալլեմի ղեկավարութեամբ, լիբանանեան ֆիլհարմոնիք նուագախումբը դասական երաժշտութեան գլուխ գործոցներով հմայեց լիբանանցի հայ թէ արաբ մշակութասէր հանրութիւնը, որուն առաջին շարքերուն մէջ ներկայ էին նախարարներ, երեսփոխաններ եւ այլ պետական անձնաւորութիւններ:

Ուշագրաւ նուագակցութեամբ ջութակի վրայ ելոյթ ունեցաւ Սիլվիօ Կապրիէլ Կերասիմեսքու: Իսկ կիթառի վրայ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի կիթառի բաժանմունքի պատասխանատու ուսուցիչ, հանրայայտ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան:

Ծնունդով լիբանանահայ, Մկրտիչ Միքայէլեան 1999-ին եղած էր Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի առաջին շրջանաւարտներէն: 2000-ին մեկնելով Երեւան` ան իր ուսումը շարունակեց Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ: Կիթառի վրայ յատուկ ելոյթներ ունեցած է հայրենիքի թէ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ, հայկական թէ օտար միջազգային նուագախումբերու համոյթին ընկերակցութեամբ: 2002-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանին կողմէ լոյս տեսաւ անոր առաջին գիրքը` «Հայոց պատարագը եւ Հայկական երգեցողութիւնը կիթառի համար» խորագիրով:

Համազգայինի հետ գործակցաբար, 2006-ին լոյս ընծայած է դասական երաժշտութեան իր առաջին խտասալիկը: Իսկ 2008-ին` երկրորդ խտասալիկը «քալէյտոսքոփ» խորագիրով` Աթէնքի մէջ: Արժանացած է շատ մը մրցանակներու եւ գնահատանքի վկայագիրներու, ինչպէս` «Աշնանային առաջին փառատօն»-ի պատուոյ մրցանակը Երեւանի մէջ, գնահատանքի յատուկ վկայագիր` Լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստից հիմնարկէն եւ այլն: Այժմ ան երաժշտութեան, յատկապէս կիթառի յատուկ նիւթով դասախօս է «Անթունիէ» համալսարանի, Լիբանանի Ազգային ֆիլհարմոնիք եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցներուն մէջ:

Դասական երաժշտութեան տիտաներէն Մոցարթի (1756-1791), Վիվալտիի (1678-1741) եւ Ֆիլիքս Մենտըլսընի (1809-1847) գլուխ գործոցներուն ներկայացումով, կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան յատուկ երանգ մը տուաւ մայեսթրօ Ուալիտ Մուսալլեմի ղեկավարած նուագախումբի երէկուան ելոյթին:

Ծաղկեփունջով եւ ջերմ ծափողջոյններով դիմաւորուած հայազգի այս արուեստագէտը «Ազդակ»-ի հարցումին պատասխանելով չկրցաւ ծածկել իր մեծ հաճոյքը եւ ըսաւ. «Իբրեւ հայ, խորապէս հպարտ կը զգամ Լիբանանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ ելոյթ ունենալով»:

Իսկ իր յառաջիկայ քայլերուն մասին ան յայտնեց, որ մօտերս յատուկ ելոյթ պիտի ունենայ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ` դարձեալ ընկերակցութեամբ Սիլվիօ Կապրիէլ Կերասիմեսքուի:

 

Share this Article
CATEGORIES