Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանեան Երիտասարդական Միութեան Վարչութիւնը

Հինգշաբթի, 31 յունուար 2013-ի երեկոյեան Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին Լիբանանեան երիտասարդական միութեան վարչութիւնը` Փոլ Այանեանի գլխաւորութեամբ: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր վեհափառ հայրապետին փոխանցել իրենց բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ իր տեսակէտները իմանալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերուն գծով:

Վեհափառ հայրապետը շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, յատկապէս շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներու լոյսին տակ: Ան ըսաւ, որ դարեր շարունակ երկու միաստուածեան կրօններու պատկանող համայնքները գոյակցած են: Արդ, ինչ որ ալ ըլլան «Արաբական գարնան» հետեւանքները, անհրաժեշտ է, որ միջկրօնական գոյակցութիւնը շարունակուի վերանորոգ յանձնառութեամբ:

Խօսելով Լիբանանի մասին` վեհափառ հայրապետը ողջունեց երկրին մէջ տիրող կայունութիւնը եւ ընտրական նոր օրէնք հաստատելու միտող համայնքային եւ քաղաքական պատասխանատուներուն տարած աշխատանքը: Այս ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ համայնքները կարեւոր դեր պէտք է ունենան իրենց ներկայացուցիչներուն ընտրութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES