«Ընկերային Ծառայութիւնը Եկեղեցւոյ Կեանքին Եւ Առաքելութեան Հիմքը Կը Կազմէ» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ուրբաթ, 1 փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Լիբանանի հայկական հաստատութիւններուն մէջ գործող ընկերային ծառայողները` Ընկերային ծառայողներու միջազգային օրուան առիթով:
Նախ եւ առաջ Անի Պուճիքանեան խօսք առնելով ներկայացուց ընկերային ծառայողները, ինչպէս նաեւ` անցնող տարիներուն ընթացքին լիբանանահայ ընկերային ծառայողներու կատարած աշխատանքը:
Ներկաներուն իր պատգամը ուղղելով` վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անցեալին թէ ներկայիս ընկերային ծառայութեան ճամբով կը ծառայեն հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Ապա վեհափառը ըսաւ. «Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը եւ առաքելութեան հիմքը կը կազմէ: Քրիստոս ինքզինք ներկայացուց իբրեւ ծառայ մարդկութեան, եւ իր ուսուցումներուն, առակներուն ու հրաշքներուն ճամբով յատուկ շեշտ դրաւ ծառայութեան վրայ: Քրիստոս առանց խտրութեան ծառայեց բոլորին` հիւանդին, անկարին, զրկեալին: Ան նոյնը պատուիրեց իր հետեւորդներուն»: Իր խօսքը շարունակելով` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ եկեղեցւոյ հաւաքական ծառայութեան: Արդարեւ, եկեղեցին ինքզինք կ՛արտայայտէ իր հարազատ դիմագիծով ու էութեամբ, երբ ծառայէ ժողովուրդին: Եկեղեցին ծառայութեան վերածողը հոգեւորականը չէ միայն, այլ եկեղեցւոյ մաս կազմող բոլոր քրիստոնեաները: Եկեղեցւոյ հաւաքական ծառայութեան մէջ իւրաքանչիւր անհատ տալիք եւ ընելիք ունի: Արդ, սովորական իմաստով պէտք չէ մօտենալ ընկերային ծառայութեան: Ընկերային ծառայութեան լծուիլ կը նշանակէ Քրիստոսի ծառայական առաքելութիւնը շարունակել եկեղեցւոյ ճամբով»:
Աստուածաբանական ընդհանուր խորքին վրայ դիտելէ ետք ընկերային ծառայութիւնը` վեհափառ հայրապետը աւելի գործնական մօտեցումով ըսաւ. «Ընկերային ծառայութիւնը այսօր բոլոր կրօններուն եւ պետութիւններուն օրակարգին վրայ առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիր մըն է: Սակայն որակային տարբերութիւն պէտք է ըլլայ քրիստոնէական եւ մարդասիրական ծառայութեան միջեւ: Քրիստոնէական հաւատքէն մղում առնող ծառայութիւնը ինքնընծայում է, մինչ մարդասիրական ծառայութիւնը սոսկ մեր ունեցածէն բան մը տալ է ուրիշին: Իսկ հայ ժողովուրդի պարագային` քրիստոնէականի կողքին ազգային տարածքը եւս կարեւոր է: Այլ խօսքով` մեր ընկերային ծառայութեան մէջ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու կողքին նաեւ ազգային արժէքները եւ սկզբունքները յատուկ տեղ պէտք է գրաւեն»:
Ընկերային ծառայութիւնը համապարփակ հայեցակէտով դիտելէ ետք` վեհափառ հայրապետը ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ հինգ կէտերը. ա) Ընկերային ծառայութեան մէջ յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի միջավայրին: բ) Ընկերային ծառայութիւնը պէտք է համապատասխանէ տուեալ միջավայրի ու ժամանակի կարիքներուն: գ) Ընկերային ծառայութիւնը պէտք է ունենայ իր յստակ առաջնահերթութիւնները: դ) Կազմակերպուածութիւն, հետեւողականութիւն ու ներդաշնակութիւն մղիչ ուժը պէտք է դառնան ընկերային ծառայութեան: ե) Ընկերային ծառայութիւնը պէտք է կատարել մասնագիտական մօտեցումով` նկատի ունենալով համաշխարհայնացած աշխարհէն եկող մարտահրաւէրները, եւ լայնօրէն օգտագործելով տեղեկատուական արհեստագիտութեան ընծայած լայն կարելիութիւնները»:
Իր խօսքի աւարտին վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց ընկերային ծառայողներուն յատուկ կարեւորութիւն տալու այս օրերուն պայմաններու բերումով Սուրիայէն Լիբանան ապաստանած հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: