Ցոյցեր` Եգիպտական Զանազան Քաղաքներու Մէջ

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի ընդդիմախօսները երէկ արշալոյսին նախագահին դէմ կարգախօսներ պարունակող պաստառներ բարձրացուցին նախագահական պալատին մօտ, իսկ ոստիկանութիւնը յաւելեալ փշաթելեր եւ մեքենաներ զետեղեց Իթթիհատիյա պալատին առջեւ` առ ի պատրաստութիւն Ազգային փրկութեան ճակատի երիտասարդական թեւին յայտարարած «Փրկութեան ուրբաթ»-ին:

Երկրին տարբեր մասերուն մէջ ցոյցեր տեղի ունեցան, իսկ նախագահական պալատին առջեւ ապահովութեան ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներուն պատճառով 48 վիրաւորներ արձանագրուեցան:

Ցոյցերը կը զուգադիպին Փոր Սայիտի մէջ ֆութպոլի մրցումի ընթացքին 74 զոհ պատճառած խռովարարութիւններուն առաջին տարելիցին: Նշենք, որ մէկ օր առաջ կարգ մը քաղաքական մեծ խմբաւորումներ բռնարարքները դատապարտող համաձայնութիւն մը կնքեցին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )