«Իրան Սուրիա Ուղարկուող Զօրքի Ու Զէնքի Թիւը Կ՛աւելցնէ» Կ՛ըսէ Քլինթըն
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ յայտարարեց, որ գոյութիւն ունին տեղեկութիւններ, թէ Իրան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին օգնելու նպատակով Սուրիա ուղարկուող զօրքի եւ կատարելագործուած զէնքերու թիւը հետզհետէ կ՛աւելցնէ:
«Իրան սուրիական տագնապին մէջ իր ներքաշուածութիւնը կ՛աւելցնէ, եւ ատիկա մեզի մտահոգուելու լուրջ առիթ կու տայ», լրագրողներուն ըսաւ Քլինթըն:
Ան նշեց, որ յայտկապէս անհանգստացնող է Թեհրանի կողմէ Դամասկոս ուղարկուող զէնքերու բարձր որակը` ընդգծելով, որ Ասատի զինանոցը արդէն սպառելու շեմին է:
Նշենք, որ Քլինթըն երէկ իր պաշտօնը զիջեցաւ Ճոն Քերրիի:
Քլինթըն նաեւ յայտնեց, որ ռուսական իշխանութիւնները, ինչպէս նախապէս, զինուորական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն, սակայն նաեւ նշեց, որ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը յոյս ունի, որ Մոսկուա սուրիական դէպքերուն առնչութեամբ իր մօտեցումը փոխէ:
«Ռուսերը կրաւորական դէտեր չեն եւ Ասատին կ՛աջակցին: Անոնք իրենք զիրենք շատ աշխուժ կը պահեն», ըսաւ Քլինթըն:
Ըստ անոր, ռուսական կողմը կը շարունակէ տնտեսական եւ զինուորական օգնութիւն ցուցաբերել Ասատի վարչակարգին: «Անոնք ատիկա վերջերս ըրած են», աւելցուց ան:
Մեկնաբանելով վերջերս «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ժամանակ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի այն յայտարարութիւնը, թէ իշխանութիւնը պահելու Ասատի առիթները հետզհետէ կը նուազին, Քլինթըն ըսաւ. «Վերջին երկու տարուան ընթացքին մենք ռուսական կողմէն տարբեր խօսքեր լսած ենք, ներառեալն Մետվետեւի շրթներէն, խօսքեր, որոնք, ինչպէս մենք կը մտածէինք, անոնց դիրքորոշումին թափանցիկութեան մասին պէտք է վկայէին: Դժբախտաբար, այս հռետորութիւնը Ռուսիոյ դիրքորոշման փոփոխութեան չյանգեցուց»: Սակայն ան յոյս յայտնեց, որ «այս մօտեցումը կրնայ փոխուիլ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրեց, որ Մոսկուա Սուրիոյ շուրջ աշխատանքային խմբակի «Ժընեւ 2» ժողով մը գումարելու անհրաժեշտութեան կը զօրակցի` աւելցնելով, որ «մեր նպատակը Ժընեւի յայտարարութեան կէտերուն որոշ գործադրումն է»:
Ան ըսաւ, որ «անհրաժեշտ է ընդլայնել մասնակցութիւնը` հրաւիրելով այլ երկիրներ, ինչպէս` Իրանն ու Սէուտական Արաբիան, որոնք սուրիական տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ կարեւոր դերակատարներ են եւ կրնան այդ հոլովոյթին մէջ դրական մասնակցութիւն ունենալ»:
Նշենք, որ «Ռոյթըրզ» երէկ հաղորդեց, որ Կաթիլով յայտնած է, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Լախտար Իպրահիմիի եւ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպի հետ Միւնիխի մէջ հանդիպելու ծրագիր չունի: Նախապէս հաղորդուած էր, որ այսօր այդպիսի հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ:
Իսրայէլեան Յարձակում
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան պատերազմական օդանաւերը հինգշաբթի արշալոյսին Սուրիոյ մէջ երկու թիրախներու դէմ յարձակում գործած են եւ ոչ թէ մէկ թիրախի, ինչպէս հաղորդուած էր:
«Իսրայէլ Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ առաջին յարձակումը կատարուած է Հըզպալլային հակաօդային հրթիռներ փոխադրող փոխադրակառքերու շարասիւնի մը դէմ, իսկ երկրորդը` Դամասկոսի մօտ գիտական հետազօտութեան կեդրոնի մը դէմ: Արեւմտեան աղբիւրներ յայտնած են, որ յարձակումին մասնակցած են պատերազմական 12 օդանաւեր:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ իսրայէլեան բանակը, գաղտնի սպասարկութիւնը եւ ապահովական տարբեր մարմիններ ծայրայեղ պատրաստ վիճակի մէջ դրուած են:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը հիւսիսային Իսրայէլի Մարժ Եզրայիլի մէջ «Պողպատեայ գմբէթ»-ի համակարգի ծիրին մէջ երրորդ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը տեղակայած է:


