Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Դէմ Յարձակում
Երէկ կէսօրին պայթում մը ցնցեց Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը: Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ յարձակումը գործուած է դեսպանատան հսկողութեան սենեակին դէմ: Հիւանդատարները անմիջապէս փութացին դէպքին վայր:
Թրքական ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ տեղի ունեցած անձնասպանական գործողութեան պատճառով արձանագրուած է երկու զոհ եւ 13 վիրաւոր:
«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը յայտնեց, որ պայթումին պատճառով դեսպանատան թուրք պահակ մը սպաննուած է:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ բոլոր ցուցանիշները ցոյց կու տան, թէ յարձակումը գործադրուած է ձախակողմեան արգիլեալ կազմակերպութեան մը կողմէ:
CATEGORIES Միջազգային

