Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՉՈՐՍ անծանօթներ գինեգոյն ինքնաշարժով մը երէկ առեւանգեցին Հատի Մըթրի անունով լիբանանցի քաղաքացի մը` Մանսուրիէի մէջ գտնուող իր բնակարանին առջեւէն: Մըթրի 1967-ի ծնունդ քաղաքացի մըն է, որ Սին էլ Ֆիլի մէջ ինքնաշարժի եւ մոթորսիքլեթի յատուկ գործիքներու վաճառատուն մը ունի: Առեւանգումին մասին հետաքննութիւն բացուած է:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր Մահմուտ Հայեքը ամբաստանեց երեսփոխան Պութրոս Հարպը սպաննել փորձելու յանցանքով: Սաքըր ամբաստանութիւնը յղեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազին:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը հարաւային Լիբանանի մէջ նախանցեալ երեկոյեան սկսած է թռիչքներ կատարել` խախտելով Լիբանանի օդային սահմանները: Իսրայէլեան ոտնձգութիւնները շարունակուած են մինչեւ երէկ կէսօր` ընդգրկելով Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Սուրի, Նապաթիէի, Ժեզզինի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի շրջանները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Թրիփոլիի Ապի Սամրա շրջանին մէջ գտած է լարուած ական մը, որուն մէջ կը գտնուէր նաեւ քիմիական նիւթ մը: Բանակի սակրաւորներ կրցած էին ականը վնասազերծել:
ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ. պապը մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նշանակեց Վատիկանի երեք բաժիններուն մէջ: Այդ բաժիններն են` Արեւելեան եկեղեցիներ, Առաքելական ստորագրութեան գերագոյն ատեան եւ Գաղթականներու հարցերով պապական խորհուրդ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի պատասխանատու Վերա Եամմին յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախանցեալ երեկոյեան ունեցած հարցազրոյցը ծանուցողական քայլ մըն է` աւելցնելով, որ իրենց համար փոքր ընտրաշրջաններու վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը մերժելի է: Ան աւելցուց նաեւ, որ Ծերակոյտի ընտրութիւնը այս հանգրուանին կարելի չէ կատարել` գումակային պատճառներով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ոչ մէկ նորութեան մասին խօսեցաւ` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն փոքր ընտրաշրջաններու հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել: Ապի Ռամիա նշեց, որ աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ Հարիրի շարունակէր իր կեցուածքները «Թուիթըր» ընկերային ցանցի ծառայութեան ընդմէջէն արտայայտել:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլացի երեսփոխան մը յայտնած է, որ Իսրայէլ կրնայ ստիպուիլ նաեւ Հըզպալլան իր ռմբակոծումներուն թիրախ դարձնել` վերացնելու համար նաեւ Հըզպալլա կոչուող սպառնալիքը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարած միտքերը ընդհանուր սկզբունքներ են, որոնք ոչ մէկ նորութիւն կը բովանդակեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը յառաջիկայ շաբաթասկիզբին պիտի փոխանցուի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած նախաձեռնութիւնը կը շեշտէ Լիբանանի մէջ ազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան կարեւորութիւնը` ուղղակիօրէն հակադրուելով Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը ոչ մէկ նորութիւն ընդգրկած է, այլ` շեշտած, որ իր հոսանքը պէտք է ըլլայ լիբանանեան իշխանութեան բացարձակ մենատէրը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին դէմ եղող կողմերը այլընտրանք մը ներկայացնեն:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կայացնելու անհրաժեշտութիւնը, նոյնիսկ եթէ այդ ընտրութիւնները պիտի կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, ընտրական օրինագիծը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբին ներկայացուած խառն ընտրական օրինագիծը քաղաքական ուժերուն հաւանութիւնը կը վայելէ:
ԸՆՏՐԱԿԱՆ օրինագիծը քննարկող խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ ենթայանձնախումբին աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ խառն օրինագիծը քննարկելուն վրայ:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու առումով ոչ մէկ հարց կայ` աւելցնելով, որ կարեւորը այդ օրէնքին եւ ընտրութիւնները կայացնելու մասին համաձայնութիւն մը գոյացնելն է:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իրենց հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած են` մերժելու Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ շեշտեց, որ համամասնական դրութիւնը լիբանանեան ազգային շերտերը ներկայացնելու լաւագոյն ձեւն ու միջոցը կը նկատուի:
ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրամիջոցներու սենտիքաներուն համադաշնակցութիւնը յայտարարեց, որ յառաջիկայ 28 փետրուարին ընդհանուր գործադուլ պիտի կատարէ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով եկեղեցական աղբիւրներէ, գրեց, թէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը փափաքի, որ քրիստոնեայ համայնքը իր 64 երեսփոխանները ընտրէ իր քուէներով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը բանավէճի նիւթի մը պէտք չէ վերածուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ պիտի արձանագրեն, ինչ ալ ըլլայ ընտրական օրէնքը:

