Շարպել-Ֆլեչըր Հանդիպում

Ֆլեչըր եւ Շարպել

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր շատ լաւ գնահատեց Շարպելի հետ իր հանդիպումը եւ անհրաժեշտ նկատեց երեսփոխանական ընտրութիւններու յատուկ օրէնք մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ Բրիտանիա կառչած կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

Ֆլեչըր ընդգծեց նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականները ընդունելու, անոնց ապաստան շնորհելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու կարեւորութիւնը:

Բրիտանացի դեսպանը բարձր գնահատեց այս իմաստով Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը:

Նոյն թղթածրարները քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ Մարուան Շարպելի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի ու Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթի միջեւ:

Փլամպլի եւ Էխհորեսթ անհրաժեշտ նկատեցին, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )