Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Իսլամական Կրօնական Գերագոյն Խորհուրդի Մէկ Պատուիրակութիւնը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իսլամական կրօնական գերագոյն խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի փոխնախագահ, նախկին նախարար Օմար Մըսքաուիի:
Հանդիպումէն ետք Մըսքաուի յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց խորհուրդին գումարելիք այսօրուան հաւանական նիստին մանրամասնութիւնները:
Մըսքաուի նշեց, որ վարչապետ Միքաթիի խնդրանքով Իսլամական կրօնական գերագոյն խորհուրդին նիստը յետաձգուած է յառաջիկայ 9 փետրուարին:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ, որ վարչապետին հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները:
Մըրատ մաղթեց, որ ընտրական օրէնքին մշակումը շուտով կը վերջնականանայ:
CATEGORIES Լիբանանեան