Նախագահ Սլէյման Տաուքի Հետ Քննարկեց Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, յատկապէս Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին յատուկ խնդիրներ:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ երեսփոխան Խալետ Զահրաման եւ Ֆատի Հապըր: Քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատելը եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող ապահովական հարցերը, Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարն ու Լիբանան ապաստանող սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը:
CATEGORIES Լիբանանեան


