Հայաստանի Ախոյեանութեան Կը Մասնակցին Շուրջ 100 Կռփամարտիկներ` Բոլոր Շրջաններէն

Յառաջիկայ 4-9 փետրուարին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի կռփամարտի ախոյեանութիւնը:

Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան, հարցազրոյց մը ունենալով PanArmenian.Net լրատուական կայքէջին հետ յայտնեց, որ Հայաստանի ախոյեանութեան կը մասնակցին շուրջ 100 կռփամարտիկներ` բոլոր շրջաններէն:

«Ախոյեանութեան պիտի չմասնակցին` Կորիւն Սողոմոնեան, Նարեկ Աբգարեան եւ Արամ Աւագեան` նկատի ունենալով, որ անոնք նախորդ դեկտեմբերին իրենց մասնակցութիւնը բերին 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան եւ տիրացան մետալներու: Այս ախոյեանութենէն ետք պիտի ձեւաւորուի հաւաքականը, որ պիտի պատրաստուի նոր տարեշրջանին», յայտնեց Աղամալեան:

Հայրենի կռփամարտիկները 25 փետրուարէն 10 մարտ Աբովեանի մէջ պիտի կատարեն ուսումնամարզական հաւաք մը: Ապա 5 կռփամարտիկներ պիտի մասնակցին Չեխիոյ մրցաշարքին, իսկ 6-ը պիտի մեկնին Ֆինլանտա եւ Ուքրանիա:

Իր խօսքը եզրափակելով` Աղամալեան նշեց, «տեղի ունենալիք այդ մրցաշարքերէն ետք դարձեալ պիտի հաւաքուինք Հայաստանի կամ Պիելոռուսիոյ մէջ` պատրաստուելու համար Եւրոպայի ախոյեանութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )