5 Ամսուան Համար Միայն` Տէյվիտ Պեքհամ Միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի
Փարիզ Սեն Ժերմենի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Տէյվիտ Պեքհամ միացաւ խումբին` 5 ամսուան համար միայն պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:
37 տարեկան միջնապահը ազատ փոխանցումով մը միացաւ մայրաքաղաքի կազմին: Անոր պայմանագրութիւնը աւարտած էր նախորդ դեկտեմբերին` «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Լոս Անճելըս Կալաքսիի հետ:
Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ ան ամսական պիտի չգանձէ, որովհետեւ անոր գանձելիք գումարը պիտի յատկացուի փոքրերու բարեսիրական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու:
CATEGORIES Մարզական