Յետ Մահու Զրոյց Ընկեր Վահէ Փանոսեանի Հետ
Հաշուեյարդար. ի՞նչ մընաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մընաց
Ինչ որ տըւի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն…
Շաբաթ, 29 դեկտեմբեր 2012, կէսօր: Հեռախօսը կը հնչէ ու ընկալուչին միւս կողմէն բօթ մըն է, որ կ՛արտասանուի` «ընկ. Վահէն ժամը 11:00 էր` գնաց…»:
Գիտէինք, որ անողոք անհանգստութիւնը քանի մը շաբաթէ ի վեր քեզ հիւանդանոց հասցուցած էր, բայց երբ աշխարհ ամբողջ կը պատրաստուէր հին տարին ճամբելու եւ նոր երազներով ու յոյսերով Ամանորը դիմաւորելու, կը սպասէինք նաեւ, որ դուն ալ նոր յոյս ու երազանք ներշնչէիր քու այնքան սիրելի ընտանիքիդ ու ընկերներուդ եւ վերադառնայիր անոնց: Բայց ճակատագիրը այլ բան էր որոշած: Որոշած էր, որ երթայիր ու միանայիր քեզմէ առյաւէտ հեռացած հարազատներուդ եւ ընկերներուդ եւ 2013-ը դիմաւորէիր անոնց հետ:
Սիրելի ընկեր Վահէ, կը ներես, որ իրաւունք տուի ինքզինքիս քու մասիդ բարձրաձայն խորհրդածելու եւ վերյիշելու դէպքեր եւ խօսքեր, քաջ գիտնալով, որ չէիր ախորժեր նման բաներէ…
Հայաշէնի «Ռոստոմ» ակումբին սիրելիներէն էիր: Եթէ յաճախ ակումբ մուտքդ կ՛ըլլար լուռ ու անաղմուկ եւ գլխու շարժումով մը «բարեւ ընկերնե՛ր» ըսելով, ժողովներու ընթացքին, սակայն, մեղմ ու ինքնավստահ ձայնովդ արտասանուած իւրաքանչիւր կարծիք, յարգանք ու ակնածանք կը պարտադրէր բոլորին: Հանդարտաբարոյ նկարագրիդ տակ թաքնուած աշխատասիրութիւնդ, բարեխղճութիւնդ ու հայրենասիրութիւնդ եթէ քեզ շրջապատիդ կողմէ փնտռուած անձ մը դարձուցած էին, կուսակցական անձիդ մէջ այդ բոլորին վրայ գումարուած արդարամտութիւնդ ու արդարադատութիւնդ ունեցած կարգապահութեանդ եւ գաղտնապահութեանդ վրայ` քեզ դարձուցած էին տիպար մարդ ու կուսակցական: Կարօ Սասունին ու Դրոն անձնապէս ճանչցած ըլլալդ եթէ մէկ կողմէ ազգային հպարտութիւն կը պարգեւէր քեզի, միւս կողմէ, սակայն, կը փոխանցէր կարգապահութիւն եւ հաւատարմութիւն` հանդէպ պատկանած կուսակցութեանդ եւ ազգիդ:
Բնիկ քեսապցի, ընկեր Վահէ ծնած էր Պէյրութ, 1930-ին: Մանկութիւնը անցուցած էր Քեսապ, եւ հաւանաբար մանուկ Վահէի մէջ Քեսապի հանդէպ ունեցած անսահման սէրն ու գուրգուրանքը այն ատեն էր, որ արմատ նետած էր: Թէեւ պատանեկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը Պէյրութ անցուցած եւ հոս իսկ իր համագիւղացի Մանուշակ Սաղտըճեանի հետ ընտանիք կազմած էր բախտաւորուելով երեք զաւակներով` Յակոբ, Սեւակ եւ Շաղիկ, սակայն Քեսապի նկատմամբ տածած իր սէրը եւ այդ հողին իր կապուածութիւնը անբացատրելի էր ու ամէն բանէ վեր: Քիչեր գիտէին հաւանաբար, որ ամէն տարի, ամրան, երբ արձակուրդդ հոն` Սեւ Աղբիւր անցընելու կ՛երթայիր, տանդ հանդիպակած բլրան վրայ սովորութիւն էիր դարձուցած «Ախ լեռներ, լեռներ, լեռներ Քեսապի» երգելու եւ կարօտդ առնելու հոնկէ բացակայած օրերուդ համար… Կ՛ըսեն, թէ արտաբերուած ձայները չեն կորսուիր, այլ կը տարածուին անհունին մէջ, հաւանաբար օր մը անոնց արձագանգը կը վերագտնէ իրենց տէրերը. այս պարագային, Քեսապի լեռները պիտի արձագանգեն քու ձայնիդ` զանոնք վերադարձնելով հոն, ուրկէ ճամբայ ելած էին: Դարձեալ շատերուն ծանօթ չէր, որ ընտանեկան ձեր հաւաքոյթներուն փայլք տուողը քու քաղցր ձայնովդ երգուած ազգային-հայրենասիրական երգերն էին:
Հայը եւ դաշնակցականը նոյնացած էին մէջդ այնպէս, ինչպէս նոյնացած էին քեզի համար Հայաշէնն ու Քեսապը: 1956-ին կուսակցականի երդումդ տուած օրէն մնացիր «Ռոստոմ»-ի ընկեր ու լուռ եւ անձնուրաց կերպով շարունակեցիր քեզի վստահուած ամէն տեսակի պարտականութիւն` պատասխանատու պաշտօններէն մինչեւ ամենահամեստ աշխատանք: Հայաշէնի ակումբին մէջ «Ռոստոմ»-ի կիսանդրիի զետեղումի օրը յատուկ նշանակութիւն ունեցաւ քեզի համար, «Տէրը իր տեղը գտաւ»-ի գոհունակութիւնը ակնյայտ էր աչքերուդ մէջ:
Շատ երիտասարդ, երբ միացած էի Համազգայինի Հայաշէնի «Նաւասարդ» մասնաճիւղին, եւ միասնաբար մաս կազմած` նոյն վարչական կազմին, կազմակերպչական կարողութիւններուդ զուգահեռ, հայ մշակոյթին հանդէպ ունեցած սէրդ եւ նախանձախնդրութիւնդ վարակած էր զիս եւ շուրջիններդ:
Գիտէի՞ր արդեօք, թէ մահէդ քանի մը ամիս առաջ Հայաստան դարձեալ կատարած այցելութիւնդ քու այնքան փայփայած անկախ Հայաստանի տուած մնաս բարովի վերջին այցելութիւնդ պիտի ըլլար…
Ընտանիքիդ իւրաքանչիւր անդամի համար ֆիզիքական բացակայութեանդ վիշտը պիտի մխիթարուի քեզի նման հարազատի մը շունչին տակ ապրած եւ հասակ առած ըլլալու բախտաւորութիւնով, համեստ ու նուիրուած ընկեր մը ունեցած ըլլալու նոյն զգացումը պիտի ունենան նաեւ քեզ բոլոր ճանչցողները:
Սիրելի ընկեր Վահէ,
Եթէ Լիբանանի ընկերներդ պայմաններու բերումով չկրցան քու հողակոյտիդ վրայ ափ մը հող թափել ու «հանգչիր հանդարտ, ընկեր» ըսել, քու այնքան փայփայած Քեսապդ իր գրկին մէջ առաւ քեզ` յաւիտենական հանգիստ ու հանդարտութիւն պարգեւելով քեզի:
Հանգի՛ստ ոսկորներուդ:
Խունկ ու աղօթք յիշատակիդ:
ԸՆԿԵՐ ՄԸ

