Պալոթելլի Միացաւ Ա. Սէ. Միլանի
Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի լքելով իր ակումբը միացաւ Ա. Սէ. Միլանի` փոխան 20 միլիոն սթերլինկի:
Երբ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ իտալական կազմին անոր փոխանցումը, անոր շապիկին վրայ զետեղուած թիւն էր 45, այն թիւը, որ ան կը կրէր Ինթեր Միլանի եւ Սիթիի հետ:
Անոր այս փոխանցումէն ետք Ա. Սէ. Միլանի փոխնախագահ Ատրիանօ Կալիանի ըսաւ. «Մեր բոլորիս ալ փափաքը իրականացաւ անոր այս փոխանցումով: Բնականաբար, անոր ներկայութեամբ խումբը աւելի պիտի զօրանայ եւ լաւ արդիւնք արձանագրէ»:
Նշենք, որ յունուար ամսուան սկիզբէն ի վեր, երբ մարզիկներու փոխանցումներու սակարանը բացուեցաւ, Ա. Սէ. Միլանի նախագահ Սիլվիօ Պերլուսքոնի եւ Կալիանի թիրախ ընտրած էին Պալոթելլին, որ ի վերջոյ միացաւ իտալական կազմին:
CATEGORIES Մարզական

