Օրինակելի Ծառայասէրը. (Պօղոս Էքմեքճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ՆՈՐԱՅՐ ԲԱԳԼԱՅԵԱՆ

Չգիտցայ, թէ ինչպէ՛ս պատահեցաւ Պօղոս Էքմեքճեանի մահը… Լսեցինք ու չհաւատացինք, փաստեցինք ու չհամոզուեցանք, չէինք ուզեր ընկալել այն դառն իրողութիւնը, որ այդ ժպտադէմ, համեստ, ազգասէր ու ծառայասէր պրն. Պօղոսին այլեւս պիտի չհանդիպէինք Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ո՛չ ալ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի կողքին` պաշտօնի եւ գործունէութեան բերումով:

Պօղոս Էքմեքճեան ունեցած էր շատ դժբախտ մանկութիւն մը. երեք տարեկանին կորսնցուցած էր մայրը, իսկ եօթը տարեկանին` հայրը, եւ մնացած էր որբ ու անտէր: Առանց ծնողքի կամ հարազատի, ինքնաշխատութեամբ կրցած էր կերտել իր կեանքը, օժտուիլ մաքուր նկարագիրով, կազմել ընտանեկան տաքուկ բոյն մը, հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւն տալ իր զաւակներուն:

Ինը տարեկանէն մինչեւ իր մահը եկեղեցին վերածած էր իր տան, եկեղեցւոյ կամարներուն տակ ծառայած էր անսակարկ կերպով` իր անձէն զոհելով անոր համար: Երկար տարիներ եղած է դպրաց դասի, ապա` թաղական խորհուրդի անդամ, բարերար: Եկեղեցւոյ մէջ մնայուն եւ յատկանշական ներկայութիւն էր, ծառայութիւնը իր կեանքին ու էութեան մաս կը կազմէր եւ առանց անոր չէր կրնար պատկերացնել իր առօրեան:

Ի զուր չէր, որ 18 փետրուար 2012-ին Վարդանանց տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագէն ետք տեղի ունեցած սիրոյ սեղանին ընթացքին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Պօղոս սրկ. Էքմեքճեանին յանձնեց գնահատագիր մը` Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ 50 տարիներէ աւելի ծառայելուն համար:

Ընտրած էր եկեղեցին` փողոցի սպառնալիքներէն հեռու մնալով, ընտրած էր հաւատքը` վայելքն ու կեանքի տարբեր հաճոյքները երկրորդական նկատելով: Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցական արարողութեան առնչուած մանրամասնութիւններու, կանոններու մասին քաջատեղեակ էր, հոգեւոր գիտելիքներով եւ արժէքներով լի մտքով ու հոգիով օժտուած էր:

Պօղոս Էքմեքճեան նկարագիրով պարզ էր, համեստ, մօտիկ բոլորին, պատրաստ` ոեւէ մէկուն օժանդակելու, մեծ դժուարութիւններն անգամ զինք չէին փոխած, որովհետեւ անոնց կը տոկար բարիք ընելով, հաւատքով եւ միշտ հաւասարակշռուած մօտեցումով:

Սիրուած էր իր շրջապատին կողմէ, զինք ճանչցողներուն կողմէ փնտռուած  էր, որովհետեւ մարդկային ամէնէն նուրբ եւ նուիրական գիծերով օժտուած անձնաւորութիւն մըն էր ան, որ դիմացինին նկատմամբ կը ցուցաբերէր տիպար մարդու եւ իսկական հայու վայել վերաբերում:

Աշխարհին վրայ տառապանքը շատ է, իսկ երջանկութիւնը` քիչ. այդ պատճառով ալ մարդոց մեծամասնութիւնը չի հաւատար բացարձակ երջանկութեան գոյութեան: Բայց պարոն Պօղոս այն անձերէն էր, որ իր տառապանքներուն եւ դժուարութիւններուն մէջէն իսկ գիտէր երջանկութեան հասնիլ` ծառայելով ազգին ու աղքատին, առանց յայտարարելու, առանց դժգոհելու, առանց տատամսելու` միշտ դրական մթնոլորտ սփռելով իր շուրջ, միշտ իր մեղմ ժպիտով:

Սիրելի՛ պարոն Պօղոս,

Կորուստդ մեծ է ո՛չ միայն ընտանիքիդ, այլ նաեւ լիբանանահայութեան համար, յատկապէս Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ, որովհետեւ քեզի նման նուիրեալներ բազմաթիւ չեն:

Թէեւ այսուհետեւ մեզի հետ պիտի չըլլաս ֆիզիքապէս, սակայն ընդմիշտ պիտի յիշուիս քու օրինակելի ծառայութեամբդ, բարի գործերովդ, մաքուր նկարագիրովդ, ժպտուն դէմքովդ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES