Կազմակերպական Մարտահրաւէրներ
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աշխատանքներուն բազկերակը: Երբ բաբախուն եւ աշխուժ է Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը, բեղուն եւ արդիւնաւէտ է դաշնակցական գործը: Երբ թոյլ ու տարտամ է մեր կազմակերպութիւնը, տկար ու ճապաղ հանգամանք կը զգենու մեր աշխատանքը: Ուստի, Դաշնակցութեան օրուան առիթով կարելի չէ ամբողջական արժեւորումը կատարել անցնող տարուան գործունէութեան` առանց մեր կազմակերպութեան եւ զայն դիմակալող մարտահրաւէրներու առարկայական գնահատման:
Դժբախտաբար, Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը յաճախակիօրէն կը համարենք իբրեւ կատարուած տուեալ: Այսինքն զայն կ՛ընկալենք իբրեւ տուեալ մը, որ ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, պիտի բանի բնականօրէն: Սակայն նման մօտեցում եւ տրամաբանութիւն ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան սխալ է, չըսելու համար` վտանգաւոր:
Կարելի է մեր կազմակերպութիւնը դիտարկել երեք տեսական մօտեցումներով: Առաջին, ընթացակարգային տեսակէտէ կարելի է կեդրոնանալ անոր ներքին յարաբերական ու որոշումներու կայացման ընթացքներուն վրայ: Երկրորդ, գործառնական տեսակէտէ կարելի է կեդրոնանալ անոր աշխատանքային նուաճումներուն վրայ: Երրորդ, կառուցային տեսակէտէ կարելի է կեդրոնանալ անոր նպատակային հետապնդումներուն վրայ:
Սակայն այս տեսական մօտեցումները միայն մակերեսային պատկերացում մը կրնան տալ մեր կազմակերպութեան մասին: Անոնց կը պակսի էականը, խորքայինը եւ կենսականը, որոնք գոյութեան իմաստը կը կազմեն ՀՅԴ կազմակերպութեան: Այդ գոյութեան իմաստաւորումը կը մարմնաւորեն մեր կազմակերպութեան անդամները, նոյնինքն` դաշնակցականները:
Տեսութիւններէ անդին, ՀՅԴ կազմակերպութիւնը կենդանի գոյութիւն է: Այդ գոյութիւնը կախեալ է իր անդամներուն կազմակերպական կենդանութենէն, իմա՛ կենսունակութենէն: Ինչպէս բնութագրած է Ռուբէն Տէր Մինասեան իր «ՀՅԴ կազմակերպութիւնը» գործին մէջ, ուր ան կը գրէ. «Կազմակերպութեան արժէքը ոչ այնքան իր նպատակը, գաղափարներն են կամ իր այս կամ այն ձեւը, այլ նախ եւ առաջ` իր գոյութիւնը. ան ինքնանպատակ է, որովհետեւ համախմբումն է ուժերու. ան ինքը ուժ է եւ կարողութիւն»:
Մեր կազմակերպութիւնը ուժ եւ կարողութիւն է` շնորհիւ այն ուժերու համախմբումին, որ ոգի ու մարմին կը ստանայ շարքերուն ճամբով: Այնքան ատեն որ շարքերը ուժ կ՛արտաբերեն, կենսունակ է կազմակերպութիւնը: Այնքան ատեն որ անոնք կարողութիւն կը ցուցաբերեն, արդիւնաբեր է կազմակերպական աշխատանքը:
Բնականաբար ուժի եւ կարողութեան վերածումը մնայուն գործընթաց է, որուն ապահովումն ու պահպանումը կը բախին ենթակայական եւ առարկայական խոչընդոտներու: Կրնան ենթակայական խոչընդոտները հասկնալի ըլլալ, երբ նկատի ունենանք կամաւորներէ բաղկացած կազմակերպութեան մը անդամներուն առօրեայի անհատական հոգերու եւ օրապահիկի ապահովման մտահոգութիւնները: Սակայն լուծելին ու սրբագրելին պէտք է ըլլան առարկայական խոչընդոտները, որոնք այսօր մեր կազմակերպութեան համար վերածուած են լուրջ մարտահրաւէրներու:
Առաջին մարտահրաւէրը անտարբերութիւնն է: Մեզմէ ոմանց մօտ օրըստօրէ կ՛աճի անտարբերութեան մօտեցումը: Այս մօտեցումը կը դրսեւորուի թէ՛ գաղափարական եւ թէ՛ գործնական մակարդակներու վրայ: Նպատակային յանձնառութեան եւ աշխատանքային նուիրուածութեան աստիճանական անկումը ախտանշանները կը հանդիսանան անտարբեր կեցուածքին: Անտարբերութեան պայմաններու տակ խնդրոյ առարկայ անդամը լաւագոյն պարագային կը վերածուի անհետաքրքիր ներկայութեան:
Երկրորդ, անտարբերութեան կը զուգորդուի կրաւորականութեան մարտահրաւէրը: Աշխատանքէ ու ժողովական ընթացակարգէ խոյս տալու ճիգերը ախտանշաններն են կրաւորականութեան զարգացման: Կրաւորականութեան պայմաններու տակ խնդրոյ առարկայ անդամը ինքզինք կը վերածէ պարզ դիտողի` ակնկալելով, որ իրեն վերապահուած աշխատանքները կատարուին այլոց կողմէ:
Երրորդը տեղայնականութեան մարտահրաւէրն է: Տեղայնական մտայնութեան զարգացումը ջլատիչ ախտ մըն է, որ ուղղակի կը հարուածէ մեր հաւաքական աշխատանքներն ու կազմակերպական նպատակները: Տեղայնական մտայնութիւնը ընդհանրապէս հաւաքական դրսեւորումով կ՛արտայայտուի, երբ տեղական շրջանի մը պատասխանատուութիւնը ստանձնողները կը սկսին գործել այն թիւր ըմբռնումով, թէ տեղայինն է առաջնահերթը: Անոնք մոռացութեան կու տան դաշնակցական ընդհանրական մտահոգութիւններ, ուր առաջնահերթայինը ամբողջական ժողովուրդն է ու հայրենիքը, ուր սուրիահայ գաղութին աջակցիլը եւ Ջաւախքի դատին սատարելը նոյնքան էական են, որքան` տեղական կարիքները:
Չորրորդ, տեղայնականութեան զուգահեռ կ՛ընթանայ ընթացիկով բաւարարուելու մարտահրաւէրը: Միայն տեղական ու ընթացիկ պահանջները լրացնելու մտայնութիւնը ախտանշան կը հանդիսանայ ընթացիկով բաւարարուելու մարտահրաւէրին: Միայն ընթացիկի վրայ սեւեռումը կ՛ենթադրէ պակասաւոր աշխատանք եւ ընդհանրական գործին նկատմամբ նախաձեռնութեան ոգիի բացակայութիւն:
Հինգերորդ մարտահրաւէրը գաղափարական ուծացումն է: Մեր կազմակերպական աշխատանքները կը մեկնին գաղափարական հիմունքներէ եւ կը նպատակադրեն գաղափարական թիրախներ: Սակայն մեզմէ ոմանց մօտ սկսած է զարգանալ գաղափարական օտարացում, ուր մոռացութեան կը տրուին մեր գաղափարական սկզբունքները: Դաշնակցութեան գաղափարական սկզբունքները կը կայանան չորս հիմունքներու մէջ: Առաջին, հայութեան պահպանում: Երկրորդ, ամբողջական Հայաստանը ամբողջական հայութեան համար: Երրորդ, ուժ եւ կազմակերպութիւն: Եւ չորրորդ, արդար աշխատանք: Առանց մեր գաղափարական հիմունքներու ամէնօրեայ կենսաւորման, մեր կազմակերպական աշխատանքները պարզապէս կը վերածուին աննպատակ ոստումներու:
Մեր կուսակցութիւնը բնականաբար ունի իր պատասխանատուութեան բաժինը վերոյիշեալ կազմակերպական մարտահրաւէրներու յառաջացման մէջ: Սակայն մենք ունինք նաեւ կազմակերպական ներուժն ու կարողականութիւնը` դիմակալելու նման մարտահրաւէրներ եւ աստիճանաբար վերացնելու զանոնք: Այդ աշխատանքի ճամբով է, որ մենք պիտի կարողանանք որակաւորել մեր կազմակերպութիւնը:
Այդ նպատակին համար նաեւ պէտք է ի մտի ունենանք Ռուբէն Տէր Մինասեանի այն հաստատումը, թէ Դաշնակցութեան համար արժէք է որակը, ոչ թէ թիւը:
«Ասպարէզ», 25 յունուար 2013

