Ճատրակ. Մոսկուայի Բաց Մրցաշարքին Կը Մասնակցին Շուրջ 1600 Խաղացողներ

Իր լուրը քաղելով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան կայքէջէն, PanArmenian.net լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ 1-10 փետրուարին տեղի ունենալիք ճատրակի Մոսկուայի բաց մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շուրջ 1600 խաղացողներ` ժամանած 29 երկիրներէ:

Այս մրցաշարքին մրցանակային ընդհանուր հիմնադրամը կը կազմէ 3,5 միլիոն ռուբլի:

Մասնակցողներուն տարիքին անդրադառնալով` «ՌԻԱ Նովոսթի» կ՛եզրափակէ նշելով, որ մրցաշարքին ամէնէն տարէց մասնակիցը 87 տարեկան է, իսկ ամէնէն փոքրը` հազիւ 5 տարեկան:

 

Share this Article
CATEGORIES