Ներկայացուեցաւ 2014-ի Մոնտիալին Պաշտօնական Պաստառը

2014-ի Մոնտիալի կազմակերպիչները ներկայացուցին Մոնտիալին պաշտօնական պաստառը: Անոր վրայ կը տեսնուին Պրազիլի քարտէսը եւ ֆութպոլիստներու երկու ոտքեր, որոնք կը հարուածեն գնդակին ուղղութեամբ:

Լուրը հաղորդող «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ այս գաղափարը յղացած է «Կրամա» ընկերութիւնը:

2014-ի Մոնտիալի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ, անցեալի հանրածանօթ ֆութպոլիստ Ռոնալտօ, ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքէջին յայտնած է, որ այս պաստառը, կրնայ շատ կարեւոր դեր խաղալ 2014-ի Մոնտիալի ծանօթացման համար:

Նշենք, որ 2014-ի Մոնտիալը պիտի սկսի 12 յունիսին եւ պիտի աւարտի 13 յուլիսին: Մրցումները տեղի պիտի ունենան 12 քաղաքներու մէջ:

Share this Article
CATEGORIES