Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն (Ֆայնըլ-Ֆոր). Սատաքա – «Էյ. Եու. Սի. Ի.»` 2-0

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սատաքա 7-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք «Էյ. Եու. Սի. Ի.»-ի 2-0 արդիւնքով:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Սատաքա մեծ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի աւարտական հանգրուան` յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով: Անիկա նախորդ տարեշրջանին աւարտականին պարտուեցաւ Օլ Սփորթցէն, սակայն երկու տարեշրջան առաջ հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:

Երկու կազմերուն միջեւ երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Սատաքայի դաշտին վրայ: Յաղթանակի մը պարագային Սատաքա բնականաբար պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:

Share this Article
CATEGORIES