Ողիմպիականի Նախկին Ախոյեան Վլատիմիր Ենգիբարեան Մահացաւ Միացեալ Նահանգներու Մէջ
Երէկ` ուրբաթ, 1 փետրուար 2013-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացաւ ողիմպիական խաղերու նախկին ախոյեան եւ անցեալի անուանի կռփամարտիկ Վլատիմիր Ենգիբարեան:
Ենգիբարեան, որ ծնած է 1932-ին` Տաւուշի մարզի Սեւքար գիւղին մէջ, 1952-ի Մելպուռնի 16-րդ ողիմպիական խաղերուն հանդիսացած էր ախոյեան: Ան եղած է նաեւ Եւրոպայի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան եռակի ախոյեան:
Մինչեւ այժմ կռփամարտի բազմաթիւ մասնագէտներ անոր կատարած մենամարտները, կը նկատեն ինքնատիպ եւ անկրկնելի:
Ան 1959-1990 եղած է հիմնադիր-տնօրէնը Երեւանի պատանի կռփամարտիկներու դպրոցին, որ ապագային անուանակոչուած է անոր անունով:
Ան պարգեւատրուած է Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութեան ոսկի մետալով:
Հայկական լրատու աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, մարզաշխարհի բոլոր ներկայացուցիչները կը ցաւակցին անոր ընտանիքին եւ կը յայտնեն իրենց զօրակցութիւնը:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, վաղը` կիրակի, 3 փետրուարին, ժամը 14:00-ին (Հայաստանի ժամանակացոյցով), Երեւանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ վաստակաշատ մարզիկին հոգեհանգստեան արարողութիւնը:

